«Որքան Դուն Վատ Վիճակի Մէջ Ես, Այնքան Աւելի Շուտ Քեզ Եւրասիական Միութեան Մէջ Կ՛ընդգրկեն» Կ՛ըսէ Սահակաշվիլի
«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի երէկ իր նստավայրին մէջ ուսանողական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպան Վրաստանի անկախութեան գլխաւոր երաշխիքն է:
«Եւրոպան մեր անկախութեան գլխաւոր երաշխաւորն է, որքան ալ ատիկա մեզի հեռու թուի: Ատիկա մեծ ջանքեր կը պահանջէ», ըսած է նախագահը:
Ան նաեւ ընդգծած է տարբերութիւնը Եւրոպայի եւ Եւրասիական միութեան միջեւ: Սահակաշվիլի նշած է, որ բաւական է ունենալ շատ աղբ ու կաշառակերութիւն, եւ առանց խնդիրներու քեզ կ՛ընդունին Եւրասիական միութիւն:
«Եւրոպան շատ աշխատանք կը պահանջէ, որպէսզի այդտեղ հասնինք, իսկ Փութին առանց խնդիրներու մեզ Եւրասիական միութիւն պիտի ընդունի: Որքան դուն վատ ես, որքան դուն կեղտոտ ես ու աղքատ, այնքան դիւրին քեզ պիտի ընդունին», ըսած է Վրաստանի նախագահը:
Ան նաեւ նշած է, որ Եւրոպան այն է, երբ իշխանութիւնները կը կազմուին ընտրութիւններու միջոցով, իսկ ընդդիմադիրները բանտախուցերու փոխարէն նստած են բանավէճերու:
Հանդիպումին վերջաւորութեան Սահակաշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստանը Եւրոպայի մէջ պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ Եւրասիոյ:


