Սուրիոյ Քիմիական Զէնքի Թղթածրարին Վերջ Տալու Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն

Լաւրով, Իպրահիմի եւ Քերրի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց քիմիական զէնքի տարածման արգիլման միջազգային համաձայնութեան միանալու Սուրիոյ որոշումը` նշելով, որ այդ որոշումը տագնապին վերջ տալու Սուրիոյ մտադրութեան անկեղծութիւնը ցոյց կու տայ:

«Կը կարծեմ, որ պէտք է այդպիսի որոշում մը ողջունենք… Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մըն է եւ այդ ուղղութիւնը որդեգրելու մեր սուրիացի գործընկերներու մտադրութեան անկեղծութիւնը կը հաստատէ», ըսաւ Փութին:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ քիմիական զէնքի հարցով ռուսական նախաձեռնութեան եւ քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու Դամասկոսի որոշումին: «Կ՛ուզենք զօրակցիլ այդ ջանքերուն», նշեց ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց Սուրիոյ կառավարութեան այն նամակը, որ զինք տեղեակ կը պահէր, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակած է իր երկրին` քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման միջազգային համաձայնութեան միանալու մասին հրամանագիր մը:

Պան Քի Մունի բանբերը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ Քի Մուն ողջունած է նամակը, որ կը բացատրէր, թէ սուրիական իշխանութիւնները համաձայնութեան մէջ նշուած յանձնառութիւններուն տէր կը կանգնին նոյնիսկ Սուրիոյ համար անոր ուժի մէջ մտնելէն առաջ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կ՛ողջունէ քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու Դամասկոսի որոշումը:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին նամակ մը յղած էր զինք տեղեակ պահելով, որ Սուրիա կը միանայ քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին, իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ ուղերձ մը յղեց Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին` զինք տեղեակ պահելով սուրիական կառավարութեան որոշումէն:

Այսպիսով, Սուրիա դուրս կու գայ 1997-ին հրապարակուած համաձայնագիրը չստորագրած եօթը երկիրներու ցանկէն: Այդ համաձայնագիրը չստորագրած երկիրներու շարքին են Իսրայէլը, Եգիպտոսը եւ Հիւսիսային Քորէան:

Նիւ Եորքի Մէջ «Ժընեւ-2»-ի Թուականի Ճշդման
Կարելիութեան Քննարկման Լաւրով–Քերրի
Հանդիպումի Մը Շուրջ Համաձայնութիւն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի ու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Ժընեւի մէջ ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քերրի յայտարարեց, որ 28 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ դարձեալ Լաւրովի հետ պիտի հանդիպի ճշդելու կարելիութիւնը` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման «Ժընեւ-2»  խորհրդաժողովի թուականը:

Քերրի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ու Մոսկուա մեծապէս մտահոգ են Սուրիոյ մէջ զոհերու շատ բարձր թիւէն ու քանդումի տարողութենէն, «սակայն աշխատանքին սկիզբը քիմիական թղթածրարի լուծումն է, իսկ յաւելեալ համագործակցութիւնը թերեւս աւելի քան մէկ կողմի համար լուծումի մը կ՛առաջնորդէ»:

Իպրահիմի իր կարգին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ «Ժընեւ-2»-ի յաջող գումարման ապահովման վրայ: «Մենք Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի թղթածրարին վերաբերեալ Սուրիոյ կատարելիք աշխատանքին կը սպասենք», ըսաւ ան` նշելով, որ հանդիպումը յաջող էր:

Լաւրով նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է քիմիական զէնքի եւ սուրիական կառավարութեան քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու հարցերը: «Համաձայնութիւն գոյացաւ այդ տագնապին վերջ տալու ճամբու քարտէսին շուրջ, եւ Սուրիոյ հեռահաս լուծումի քննարկման Իպրահիմիի հրաւէրով ուրախ ենք, մենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման բոլոր նախաձեռնութեանց աջակցեցանք եւ գոյացուցինք համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ Սուրիոյ տագնապին բոլոր կողմերը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ՄԱԿ-ի հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք քիմիական զէնքի թղթածրարին վերջ տալու ճամբու քարտէսի մը շուրջ, եւ Ռուսիա տագնապին վերջ գտնելով հետաքրքրուած է»:

Լաւրով ըսաւ, որ Քերրի կը հասկնայ, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծման մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելը կարեւոր է, «եւ Նիւ Եորքի մէջ ժողով գումարելու համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

 

Share this Article
CATEGORIES