ՔԱԿ Սղերդի Մէջ Նոր Կառուցուող Զինուորական Դիրք Մը Կ՛ականահարէ
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի անդամ զինեալներ հինգշաբթի գիշեր Սղերդ նահանգի Փերվարի շրջանին մէջ նոր կառուցուող զինուորական դիրք մը ականահարած եւ վայրին մէջ գտնուող չորս աշխատաւորներ կարճ ժամանակով առեւանգած են:
Անոնք դիրքը ականահարելէ եւ աշխատաւորները առեւանգելէ ետք, մօտակայ բլուրներուն վրայ գտնուող անտառները փախուստ տուած են, ապա Պելելօոլուք եւ Սէօղիւթէօնիւ գիւղերուն միջեւ վայրի մը մէջ առեւանգեալները ազատ արձակած են:
Ականահարումին պատճառով դիրքը նկատառելի վնասներ կրած է:
CATEGORIES Միջազգային

