Ռումանիոյ Մէջ. «Խաղաղութիւնը Եւ Երկխօսութիւնը Պէտք Է Յաղթանակեն Պատերազմին Եւ Բրտութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Ռումանիոյ Ծերակոյտի նախագահ Քրին Անթոնեսքուի հետ` ներկայութեամբ Ռումանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռանա Մուքատտեմի եւ լիբանանեան-ռումանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ Ռոհքա Նասսարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ի մասնաւորի` Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթական կայ, ինչպէս նաեւ կարգ մը պաղեստինցի գաղթականներ, որոնք երկրին վրայ տնտեսական ճնշում կը պատճառեն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու` ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս պապին: Ան կոչ ուղղեց շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար ամբողջական եւ արդար խաղաղութիւն հաստատելու:
«Խաղաղութիւնը եւ երկխօսութիւնը պէտք է յաղթանակեն պատերազմին եւ բրտութեան», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:


