Հարիրի. «Միջազգային Ընտանիքին Ջոջերը Սուրիացի Ժողովուրդը Լքեցին Դարուս Հրէշներուն Ձեռքը»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ նշեց, որ սուրիացի ժողովուրդը միջազգային ընտանիքի ջոջերուն տարազներուն մէջ նկատի չէ առնուած:
«Անոնց համար կարեւորը քիմիական զէնքն է եւ այդ զէնքին ուղղութիւնը», գրեց ան:
Հարիրի նկատել տուաւ, որ սուրիացի ժողովուրդը միջազգային ընտանիքին ջոջերուն մէջ չի գտներ մէկը, որ հաշուի կ՛ուզէ առնել իր ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը, «ընդհակառակն` ան ձգուած է դարուս հրէշներուն ձեռքը: Հրէշներ, որոնք աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը հալածեն զայն` ամէն տեսակ քանդումի զէնքերով: Նոյնիսկ եթէ մէկ միլիոն մարդ սպաննուի, նոյնիսկ եթէ ամբողջ Դամասկոսը, Հալէպը, Համան, Հոմսը եւ ամբողջ Սուրիան քանդուին, միջազգային հաշիւները այլ տեղ կը գտնուին», նշեց Հարիրի:
Ան հարց տուաւ, որ եթէ քիմիական այդ զէնքը Իսրայէլի դէմ գործածուէր, արդեօք Միացեալ Նահանգները եւ ամբողջ Եւրոպան պիտի յանդգնէի՞ն ընդունիլ ռուսական առաջարկը: «Իսկ եթէ քիմիական այդ զէնքերը Թուրքիոյ դէմ օգտագործուէին, ՕԹԱՆ պիտի համարձակէ՞ր ռուսական առաջարկով առաջնորդուիլ», հարց տուաւ Հարիրի:
Պատասխանելով իր ուղղած հարցումներուն` Հարիրի ընդգծեց, որ անշուշտ անոնք պիտի մերժէին ռուսական առաջարկը եւ զինուորական մահացու հարուած մը տային Սուրիոյ վարչակարգին:
Միւս կողմէ, Հարիրիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ հրապարակուած «Պաապտայի յայտարարութեան» մասին փաստաթուղթը շատ ճիշդ է եւ յիշեցման կարգով անհրաժեշտ կը նկատուի անոր հրատարակումը, որովհետեւ ոմանք կը փորձեն զայն ջնջել:
Հարիրի շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը իսկական եւ պատասխանատու ճամբու քարտէս մըն է, որ կ՛առաջնորդէ դէպի երկխօսութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութեան հաստատում:

