Նախագահ Սլէյման, Նախարարներ Եւ Երեսփոխաններ Կը Ցաւակցին Ժոմպլաթին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Մուխթարա` ցաւակցութիւն յայտնելու համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, անոր մօր` Մէյ Արսլան – Ժոմպլաթի մահուան առիթով:
Նախագահ Սլէյմանի կողքին մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, դատաւորներ եւ քաղաքական ուժեր ներկայացնող պատուիրակութիւններ այցելեցին Մուխթարա եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին Ժոմպլաթին:
CATEGORIES Լիբանանեան