Իշխանութեան Պետերը Կը Ծանօթանան Խորհրդարանի Նախագահին Նախաձեռնութեան

Նախագահ Սլէյման եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի պատուիրակութիւնը

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին

երեսփոխաններ Եասին Ժապեր, Միշել Մուսա եւ Ալի Պեզզի, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ այս հանգրուանին երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի նախաձեռնող իւրաքանչիւր քայլ կամ փորձ գնահատելի է:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է քննարկել նաեւ ազգային երկխօսութեան շրջագիծին մէջ նախապէս տրուած որոշումներուն, ինչպէս` «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութիւնը:

Վարչապետարանին Մէջ

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց Պըրրիի նախաձեռնութիւնը:

Միքաթի վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Պըրրիի նախաձեռնած լիբանանեան ազգային երկխօսութեան: Ան ընդգծեց, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին որեւէ ճիգի, որ կ՛առաջնորդէ դէպի միջլիբանանեան երկխօսութիւն եւ կը յանգի այնպիսի համաձայնութիւններու, որոնք Լիբանանը կը պաշտպանեն շրջանին դիմագրաւած այս դժուար պայմաններէն:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն, անոնց գործակցութեան եւ իւրաքանչիւրին դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ միջլիբանանեան միասնականութեան: Մենք մեր կարգին պիտի ընդառաջենք երկխօսութեան եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք զայն յաջողցնելու ու Լիբանանը փրկելու նպատակով», ըսաւ Միքաթի:

Սալամի Մօտ

Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ անոր յանձնեց խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութիւնը` ներկայութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Մաշնուքի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )