Ֆիւլէ Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նալբանդեանի Հետ

Ֆիւլէ եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ հետագայ համագործակցութեան, մինչեւ այսօր երկկողմանի ջանքերուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած ձեռքբերումներուն հիման վրայ այդ յարաբերութիւնները կառուցելու եւ հետագայ համագործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Վիլնիուսի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ վեհաժողովին ընդառաջ օրակարգային եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի վճռականութիւնը շարունակելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն առանցքը կազմող լայնածաւալ բարեփոխումները եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները այսուհետեւ եւս զարգացնելու կառուցողական եւ աշխուժ ոգիով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան համոզում յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է զարգանայ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան տեսլականի հիման վրայ:

Ֆիւլէ նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը յարգէ իր գործընկերներուն ազատ ընտրութիւնը եւ կ՛ակնկալէ այս հանդիպման ընթացքին լսել այն մօտեցումները եւ գաղափարները, որոնք միտուած են առկայ լաւ ձեռքբերումներուն վրայ շարունակելու կառուցել յարաբերութիւնները:

Նախանցեալ օր նախարար Նալբանդեան եւս հանդիպում ունեցաւ Ֆիւլէի հետ:

Զրուցակիցները շարունակեցին 5 սեպտեմբերին տեղի ունեցած քննարկումները, կարեւոր նկատեցին Վիլնիուսի վեհաժողովին ընդառաջ Երեւանի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ կրթութեան նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման կայացումը:

Նախարար Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի ցանկութիւնը բոլոր կարելի ուղղութիւններով շարունակելու Եւրոպական Միութեան հետ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Վիլնիուսի Մէջ Հայաստանի Հետ
Փաստաթուղթ Պիտի Չստորագրուի

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ կարելի՞ է մինչեւ նոյեմբեր մշակել նոր փաստաթուղթ մը, որ պիտի ստորագրուի վիլնիուսեան վեհաժողովին ընթացքին, Ֆիւլէ յայտնեց, որ Հայաստանի հետ չ՛ակնկալուիր որեւէ փաստաթուղթ ստորագրել:

Ինչ կը վերաբերի Վիլնիուսին, ապա Ֆիւլէ թերահաւատութիւն յայտնեց, թէ կարելի պիտի ըլլայ մինչեւ վիլնիուսեան վեհաժողովը որոշ բան հասցնել: Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատարը նշեց, որ խօսքը շատ լուրջ պարտաւորութիւններով իրաւական փաստաթուղթի մասին է, այնպէս որ ինք յոյս ունի, որ Վիլնիուսի վեհաժողովը ծառայէ իբրեւ վեհաժողովի սկիզբ:

Ինչ կը վերաբերի Ընկերակցութեան համաձայնագիրին, ապա յանձնակատարը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ ասիկա երկու համաձայնագիր չէ` բաղկացած Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի եւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրներէն, ասոնք ամբողջական մէկ համաձայնագիրի մը երկու բաղադրիչներն են, որոնց շուրջ իրենք բանակցած են հայ գործընկերներուն հետ:

«Ընկերակցութեան համաձայնագիրը եւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը կապուած են իրարու հետ, դուք չէք կրնար անոնք տարանջատել», ըսաւ յանձնակատարը:

Ֆիւլէ նշեց, որ Երեւան եկած է հայ գործընկերներուն ցանկութիւններն ու նախապատուութիւնները լսելու եւ մաս կազմելու երկու կողմերուն յարաբերութիւնները առաջ տանելու հոլովոյթին, եթէ Հայաստան ցանկայ նոր իրաւական շրջանակ ունենալ:

Ֆիւլէ կրկին ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամ է շարունակելու համագործակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր վեց երկիրներուն հետ:

«Մեր մտադրութիւնները եւ քաղաքականութիւնը յստակ են, թափանցիկ եւ կանխատեսելի: Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովը շրջադարձային հոլովոյթ է, որ մեր գործընկերներուն կ՛առաջարկէ ունենալ այն գործիքակազմը, որ անոնց կարելիութիւն կու տայ բարեփոխել իրենց քաղաքական համակարգը եւ արդիականացնել տնտեսութիւնը: Անկէ պիտի շահին մեր գործընկերները, ինչպէս նաեւ մեր դրացիները: Մենք ոչ թէ պատնէշներ կը ստեղծենք, այլ` նախապայմաններ, որպէսզի Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոսթոք ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծուի», ընդգծեց Ֆիւլէ` ընդգծելով, որ այս ճամբան կարեւոր է յարգելու բոլոր գործընկերներուն կարծիքները, եւ Ռուսիոյ կողմէ սպառնալիքները անընդունելի են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )