«Մենք Հրաշալի Կերպով Կը Տարբերինք, Թէ Ո՛ւր Է Իշխանութիւնը Եւ Ո՛ւր` Հայրենիքն Ու Պետականութիւնը» Ըսաւ Հրանդ Մարգարեան
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդումին տուաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան հարցին:
Մարգարեան հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մեր երկիրը պատերազմի մէջ է, հակառակ անոր որ այսօր զինադադարի հանգրուան է: «Պատերազմը միշտ հաւանական է: Պատերազմի ժամանակ երկրի արեւելումը չի փոխուիր, դաշնակիցները չեն լքեր: Եթէ այս իրողութիւնը մենք նկատի ունենանք եւ լուրջ վերաբերինք այն հարցին, որ մեր գլխաւոր հարցը Արցախի հարցն է, եւ այդ հարցով մենք կարենանք մինչեւ վերջ յաղթանակ ապահովել մեր ժողովուրդին համար, այն խօսակցութիւնները, որ մենք կրնանք արեւելում փոխել եւ այլ ուղղութեամբ երթալ` ամբողջութեամբ աւելորդ կը դառնան», նշեց Մարգարեան:
«Մեզի համար մէկ դիրքորոշում գոյութիւն ունի` հնարաւոր կարելին: Պէտք է մնացած ամէն ինչէն տարբերակել` ո՞րն է այսօր կարելին մեզի համար, ո՞րն է, որ այսօր մեզմէ նուազ գին պիտի պահանջէ», ընդգծեց Մարգարեան` աւելցնելով, որ «մենք հրաշալի կերպով կը տարբերենք, թէ ո՛ւր է իշխանութիւնը, ո՛ւր` հայրենիքն ու պետականութիւնը:
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ պիտի հրապարակուի մեր երկուշաբթի օրուան թիւով: