Մէյ Խալիլ Այցելեց Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղիին
Երէկ` ուրբաթ, 13 սեպտեմբերին, Պէյրութի միջազգային Մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ այցելեց Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի եւ ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանիի հետ:
Խալիլի կ՛ընկերանար միութեան տնօրէն Քարիմ Թահեր:
Այս հանդիպումին կարեւորագոյն կէտը եղաւ այն, որ երկու կողմերը շեշտեցին կարեւորութիւնը այն կէտին, որ համագործակցութեամբ եւ երկուստեք համաձայնութեամբ կարելի է տալ առաւելագոյնը, որ պիտի ըլլայ բնականաբար ի նպաստ երկրին մարզական կեանքին յաջողութեան եւ յառաջխաղացքին:
CATEGORIES Մարզական