Իրանի ՀՄԱԿ-ի 45-րդ Շրջանի Համահայկական Խաղերը Սկսան
Բազմաթիւ հայերու, շուրջ հազար մարզիկներու, պետական ու ազգային հիւրերու ներկայութեան մեծ խանդավառութեամբ չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբերի երեկոյեան, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան (ՀՄԱԿ) 45-րդ շրջանի համահայկական խաղերու հոյակապ բացման արարողութիւնը:
Սկիզբը ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որ յիշեցում մըն էր նախորդ շրջաններու համահայկական խաղերուն:
Ապա կատարուեցաւ դրօշակի մուտքի եւ բարձրացման արարողութիւնը, բարձրացան Իրանի եւ «Արարատ» կազմակերպութեան դրօշակները:
Ներկաներուն բարի գալուստի խօսքը ուղղեց «ՀՄԱԿ»-ի վարչութեան նախագահ Համլեթ Խալոյեան:
Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ այս խաղերը կը գոյատեւեն միութենականներուն շնորհիւ:
Ան ըսաւ, որ այս խաղերուն նպատակն է ի մի խմբել հայութիւնը:
Աւարտին, ան յաջողութիւն մաղթեց այս խաղերուն մասնակցող բոլոր մարզիկներուն` նշելով, որ այս խաղերը պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ:
Ապա տեղի ունեցան ցուցադրական կարգ մը խաղեր, պարեր, որոնցմէ ետք տողանցելով մարզադաշտ իջան մասնակցող խումբերուն մարզիկները: Առաջին անգամ դաշտ մուտք գործեցին Հայաստանի մարզիկները (Երեւանէն) Եռագոյն դրօշակով:
Ապա, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան օրհնեց ջահը, որ իրանահայ անուանի ֆութպոլիստ Մարգար Աղաջանեանի միջոցով փոխադրուեցաւ մարզադաշտ, ուր անիկա պիտի մնայ վառած` մինչեւ խաղերուն աւարտը:
Աւարտին իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը, որ բոլորին մաղթեց յաջողութիւն: