Ճատրակ. Արաբական Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Նանօր Առնելեան, Հրակ Լախեան Եւ Ճիօ Գալուստ Այսօր Կը Մեկնին Յորդանան

Ճիօ Գալուստ

Հրակ Լախեան

Նանօր Առնելեան

Այսօր` շաբաթ, 14 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 14:00-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանան կը մեկնի Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական ճատրակի անհատական տարիքային ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 14-22 սեպտեմբեր:

Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումները կը սկսին վաղը` կիրակի, 15 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-էն սկսեալ, Ֆահիս Օրթոտոքսիի ակումբին շէնքին մէջ:

8-20 տարեկան դասակարգերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 173 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ` հետեւեալ 10 երկիրներէն. Ալճերիա, Թունուզ, Եգիպտոս, Սուտան, Եմէն, Իրաք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Լիբանան, Պաղեստին եւ Յորդանան:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի պատուիրակութեան, անոր մէջ են երեք հայեր, որոնք հանդիսացան Լիբանանի ախոյեան` Ժամհուրի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի ախոյեանութեան:

Անոնք են` Նանօր Առնելեան (10 տարեկանէն վար), Հրակ Լախեան (10 տարեկանէն վար) եւ Ճիօ Գալուստ (12 տարեկանէն վար):

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր երեք հայ ախոյեաններուն` մաղթելով, որ անոնք յաջողութիւն ձեռք ձգեն Յորդանանի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )