«Հպարտ Ըլլանք. Մենք Ունինք Հայաստանի Ֆութպոլի Զօրաւոր Հաւաքական» Կը Յայտնէ «Ֆութպոլ. 365»-ը
Հայկական «ֆութպոլ. 365» կայքէջը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յատուկ անդրադարձ ունեցած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Այդ անդրադարձին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.
«Հայաստան – Դանիա մրցումէն ետք (2014-ի Մոնտիալի զտում) լսեցինք անթիւ-անհամար կարծիքներ, քննադատութիւններ, մեկնաբանութիւններ… ներկայիս կիրքերը մարած են, եւ հիմա որոշեցինք դատել` «սառ» գլուխով:
«Աշխարհի մէջ շատ քիչ խումբեր կան, որ երբ բացակային հիմնական կազմի 5 ֆութպոլիստներ անոնք կը կարենան հաւասար պայքար մղել Դանիոյ դէմ: Մենք Սպանիա, Իտալիա կամ Հոլանտա չենք:
«Եկէք հաւաքականի գլխաւոր մարզիչին` Վարդան Մինասեանին հանգիստ ձգենք:
«Վարդան Մինասեանը աշխարհի լաւագոյն մարզիչը չէ. ան թերեւս տեղ չունի նոյնիսկ առաջին հարիւրին մէջ: Բայց ընդունինք, որ այսօր Հայաստանի համար լաւագոյն տարբերակն է: Հիմա շատ դիւրութեամբ կրնանք ըսել. եթէ Քափելլոն ըլլար` այնպէս կ՛ընէր, եթէ Մուրինիոն ըլլար` այնպէս կ՛ընէր:
«Արդէն իսկ սկիզբէն անոնք անիմաստ խօսքեր են: Հայաստանը այդպիսի գումարներ չունի` այդպիսի մարզիչներ հրաւիրելու համար: Աւելի՛ն. ունենալու պարագային ալ, անիմաստ պիտի ըլլայ այդքան գումարներ ծախսելը: Մեր դրացիները միլիոններ ծախսեցին, բայց արդիւնքը մնաց նոյնը: Անոնք չհասան Վարդան Մինասեանին ցոյց տուած արդիւնքին նոյնիսկ կէսին:
«Վարդան Մինասեանը իր ճամբան սկսած է եւ պէտք է աւարտէ զայն: Արդիւնքներուն մասին կը դատենք վերջը: Ոչ ոք այսպիսի վիճակաձգութեան պարագային կրնար երաշխաւորել Հայաստանի հաւաքականին այսպիսի խմբակէ մը յաջորդ հանգրուան անցնիլը: Սկիզբէն 3-րդ դիրքը գրաւելն ալ մեզի համար երազի նմանող բան մըն էր:
«Վերջին երկու խաղերուն ան ըրաւ այն, ինչ որ կրնար ընել: 6 փոփոխութիւններէն 5-ը ստիպողական էին: Դանիոյ դէմ հիմնական կազմը հազիւ ձեւաւորուած, Ա. կիսախաղին եղան 2 կարեւոր կորուստներ: Մրցումին աւարտին հարկադրաբար դաշտ մուտք գործեց յառաջապահ մը, որ երբեք չէր կրնար պատկերացնել այդպիսի զարգացում:
«2014-ի Մոնտիալին զտումի մրցումներուն մեզի կը մնայ ԵՈՒՐՕ-2016-ին հաշուոյն առաւելագոյն կէտերը ապահովել: Թերեւս մինչեւ այդ ժամանակ հաւաքականին ղեկը կը յանձնուի այլ մասնագէտի մը, բայց Մինասեան, անկախ վերջին երկու խաղերու արդիւնքներէն, արժանի է մեծ շնորհակալանքի:
«Ամէն բան չէ, որ լաւ է, բայց անշուշտ մենք ներկայիս ունինք բոլոր ժամանակներուն Հայաստանի լաւագոյն հաւաքականը: 90-ականներու կէսերուն նոյն այս դանիացիներէն մենք կը պարտուէինք բառին բուն իմաստով եւ հազիւ 1-2 անգամ կրնայինք կէս դաշտէն անցնիլ: Իսկ այսօր անոնց կը յաղթենք իրենց դաշտին վրայ եւ կը պարտուինք` անիմաստ սխալի պատճառով:
«Այո, թերացումներ կան, բայց տարիներ առաջ այսպիսի հաւաքականի մը մասին նոյնիսկ չէինք կրնար երազել: 20 տարուան «երաշտէն» ետք միանգամայն պէտք չէ սպասել, որ ունենանք 11 Հենրիխ Մխիթարեան:
«Պահ մը մոլի քննադատները իրենք իրենց հարց կու տա՞ն, որ եթէ մենք ունեցած ենք ֆութպոլի տնտեսութիւն, ապա ինչո՞ւ այսօր ազգային հաւաքականին մէջ ունինք 25 տարեկանէն աւելի մեծ 1-2 ֆութպոլիստ:
«Պէտք է հպարտ ըլլանք, որ մենք ունինք զօրաւոր հաւաքական: Չենք ըսեր, որ ամէն ինչ իտէալական է, բայց մենք վերելքի ճամբան բռնած ենք եւ պէտք է մնանք այդ ուղիին վրայ: Ասիկա շատ կարեւոր է յառաջիկայ յառաջխաղացքին` յաղթանակներու համար»:


