«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Տնտեսական Հզօրացումը Կարեւոր Հանգրուան Մըն Է Միջազգային Ճանաչում Ապահովելու Ճամբուն Վրայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Կարօ Քեպապճեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:

«Ազդակ»-ի զոյգ էջերու վրայ տեղ գտած այսօրուան հարցազրոյցը կատարուած է Հայ սեւ գօտիներու միութեան ակադեմիայի հիմնադիր, Մեծ Վարպետ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանին հետ:

Կ. Քեպապճեան անդրադարձաւ Լիբանան-Արցախ ամուր կապերու գոյութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հզօրացման, ազատագրուած տարածքներուն վերաբնակեցման եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն:  

Կ. Քեպապճեան յայտնեց, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան հիմնահարցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելն է:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը միայն խաղաղ միջոցներով կարելի է ապահովել: Այդ շրջագիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները բանակցութիւնները կը շարունակեն` հիմնուելով սահմաններու անձեռնմխելիութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը երաշխաւորելու մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսաւ Կ. Քեպապճեան` ընդգծելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական հզօրացման անհրաժեշտութիւնը:

Տարբեր երկիրներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութիւններուն եւ անոնց տարած աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Քեպապճեան ըսաւ.

«Նկատի ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղը միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած, մենք աշխարհին մէջ կը գործենք իբրեւ ներկայացուցչութիւններ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւններ կան` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Հայաստանի, Ֆրանսայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ:

«Ներկայացուցչութիւնները կը գործեն իբրեւ դեսպանատուներ` մինչեւ հանրապետութեան միջազգային ճանաչում:

«Մեր առաքելութիւնն է ամէն իմաստով Ղարաբաղի ծառայել, քաղաքական իմաստով ծանօթացնել Լեռնային Ղարաբաղի ծրագիրները` պետութիւններուն եւ հասարակութեան: Մեր առաքելութիւնն է նաեւ ամէն մակարդակի վրայ տնտեսական եւ ներգաղութային քարոզչութիւն կատարել, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղ առաջին հասնողը մենք ենք` հայութիւնը, այսինքն` օտար պետութիւններու չենք վստահած:

«Անցնող քսան տարուան մէջ Ղարաբաղի մէջ ինչ որ իրագործուեցաւ, ներկայացուցչութիւններուն անձնական եւ գաղութային նուիրումով ու աշխատանքով է, որ եղաւ:

«Այսօր Ղարաբաղը շէնցաւ եւ զարգացաւ, սկիզբը այդ ամէնը կ՛ըլլար բարեսիրական նպատակներով, առաջին տասը տարին բարեգործութիւն էր, իսկ վերջին տասը տարուան ընթացքին արդէն անցանք այլ հանգրուան մը, որ այլեւս բարեսիրական չէ:

Ի մասնաւորի Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցչութեան գործունէութեան անդրադառնալով` Կ. Քեպապճեան յայտնեց, որ հակառակ բոլոր ներկայացուցչութիւններուն, անիկա պետական ֆինանսաւորում չունի, այլ սիրողական կերպով կը գործէ:

«Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցչութիւնը հիմնուած է 1999 թուականին եւ անոր կեդրոնը Լիբանանն է: Այո՛, Լիբանանի մէջ մենք կը գործենք, սակայն մեզի թիկունք կը կանգնին լիբանանահայութեան երեք հոգեւոր պետերը, կուսակցութիւններն ու Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներդրումի իմաստով ազնուագոյն ծրագիրներէն մէկն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Նոր Կիլիկիա գիւղին կառուցումը Մարտակերտի մէջ: Առաջին հանգրուանով իրագործուեցաւ գոյութիւն ունեցող միջնակարգ վարժարանին ամբողջական վերանորոգութիւնը եւ ապա կառուցուեցան տասը նոր բնակարաններ, որոնք յանձնուեցան Արցախի պետութեան կողմէ ճշդուած զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ երիտասարդ զոյգերու»:

Կ. Քեպապճեան աւելցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ նաեւ իր նախաձեռնութեան յաջորդ հանգրուանները, որոնց մէջ կ՛իյնան կիսաւեր տուներու նորոգութեան աշխատանքը, մանկապարտէզի, բուժկեդրոնի, համայնքային կեդրոնի եւ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը:

«Այս ծրագիրի հիմնական առաջադրանքն է վերաբնակեցնել ու զարգացնել շրջանը` նկատի ունենալով անոր դիրքին կարեւորութիւնը: Խորին շնորհակալութիւն` վեհափառին, որ ամէն իմաստով Լեռնային Ղարաբաղին նեցուկ կը կանգնի», շեշտեց Կ. Քեպապճեան:

Ան յայտնեց, որ Մերձաւոր Արեւելքէն ամէնէն աւելի Լիբանանն է, որ առնչուած է Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման եւ բարգաւաճման առաքելութեան: Միւս գաղութները համոզուած են, որ Լեռնային Ղարաբաղը ապահով երկիր մը չէ, իսկ շատեր կը կարծեն, որ Ղարաբաղը տակաւին պատերազմի մէջ է:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան այցելութեան առիթով:

«Լիբանանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ մօտեցումը այսօր տարբեր է, նկատի ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան այցելութիւններ տուած են Լիբանան եւ գաղութին պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներ ունեցած եւ աւելի եւս ամրապնդած են Լիբանան-Արցախ անքակտելի եւ հետզհետէ ամրացող կամուրջը:

«Վերջին շրջանին Լիբանան-Լեռնային Ղարաբաղ փոխադարձ յարաբերութիւններու ամրապնդումին շրջագիծին մէջ կարեւոր կը նկատուի Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան կատարած այցելութիւնը` ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառին հրաւէրին:

«Ան իր այցելութեան ընթացքին տեսաւ գաղութին ուժը: Բակօ Սահակեանին այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ղարաբաղի մէջ: Ղարաբաղի մէջ լիբանանահայ գաղութին հանդէպ մեծ սէր կայ, յարգանք եւ վստահութիւն:

«Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի Լիբանան այցելութիւնը իր կարգին եղաւ մեծ քայլ մը, նկատի ունենալով, որ ան Լիբանան այցելեց «Արցախ Ֆոնտ»-ին եւ ԱՌԻ-ի հրաւէրով:

Լիբանանի մէջ «Արցախ Ֆոնտ»-ը ամէնէն գործնական եւ հետեւողական կերպով աշխատողն է, իսկ վերջերս ԱՌԻ-ն է, որ քարոզչականէն գործնականի անցած է եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ մասնագիտական կերպով շարք մը յաջող ծրագիրներ իրագործած»:

Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան Կ. Քեպապճեանի հետ, Պէյրութ այցելութեան առիթով:

Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կ. Քեպապճեան յայտնեց, որ այս հանգրուանին Լեռնային Ղարաբաղի, մանաւանդ Ստեփանակերտի մէջ շինարարութիւնը զարգացած է եւ աւելցուց, որ ներդրումները իրենց կարգին աճ կ՛արձանագրեն` նպաստելով երկրին բարգաւաճման:

«Շուշի Կրանտ Հոթել»

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս ծիրին մէջ հսկայ ներդրում մը կատարուած է լիբանանցի գործարար Փիեռ Ֆաթթուշի կողմէ, որ կը կոչուի «Ղարաբաղ Թելեքոմ», երկրորդը «Շուշի կրանտ հոթել» պանդոկին կառուցումն է:

«Այս ներդրումը ապահովուած է իմ եւ լիբանանցի գործընկերներուս` Գօգօ Թերզեանի եւ Ժան Մալաքի, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ գործընկեր Ալեքս Սարաֆեանի ջանքերով: «Շուշի կրանտ հոթել»-ը այսօր 30 պաշտօնեայ կը պահէ:

«Ներդրումները անձնական զոհողութիւն կ՛ենթադրեն եւ այդ պանդոկը  կառուցելով` ես ուզեցի դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի կարողութիւններուն եւ բարգաւաճման հաւատացող ուսանելի օրինակ մը: Իբրեւ դեսպան, եթէ ես չհաւատամ իմ ներկայացուցած երկրիս, ապա ինչպէ՞ս քարոզչութիւն կատարեմ այդ մասին եւ խրախուսեմ ուրիշները` ներդրում կատարելու առումով», հարց տուաւ Կ. Քեպապճեան:

Ան շեշտեց, որ ներկայ դրութեամբ Ղարաբաղը աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկն է ներդրումներ կատարելու համար: Ղարաբաղը ապահով է, որովհետեւ քու զինուորդ է, որ կը հսկէ քու սահմաններդ, հոն մէկ ժողովուրդ է, որ կ՛ապրի եւ ղարաբաղցին որոշած է, որ այդ հողերը, իր վերջնական սահմաններով, իրեն կը պատկանին, եւ թէ ինք կը պատկանի այդ հողին, այս մէկը ազգային խնդիր է:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով հաւասարապէս պատասխանատու են Ղարաբաղը, Հայաստանն ու սփիւռքը:

«Մեր բոլորին պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ անիկա: Մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած է հաւասարութեան վրայ, հոն հայաստանցիին, ղարաբաղցիին եւ սփիւռքահայուն միջեւ խտրութիւն չկայ: Ղարաբաղը բոլորին կը պատկանի», ըսաւ ան:

Կ. Քեպապճեան յայտնեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները այլեւս բարեգործութիւններ եւ բարեսիրական մօտեցում չեն ուզեր տեսնել, անոնք կոչ կ՛ուղղեն բոլորին` ներդրումներ կատարելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ աշխատատեղեր հիմնելու:

«Երբ այցելէք Ղարաբաղ, պիտի տեսնէք, որ ան այլեւս եւրոպական քաղաքի մը չափանիշներուն կը համապատասխանէ», ըսաւ ան:

Կ. Քեպապճեան շեշտեց, որ Շուշի քանի մը տարի առաջ մութի մէջ էր, սակայն շնորհիւ ներդրումներուն եւ կատարուած աշխատանքին` Շուշին մօտիկ ապագային պիտի նմանի մայրաքաղաքի մը:

Շուշիի ազատագրութեան տօնակատարութիւն` նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

 

 

 

 

 

 

 

 

«Ստեփանակերտէն ետք Շուշին պիտի դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ հզօր քաղաքը: Այս հանգրուանին արդէն իսկ Շուշին օրական դրութեամբ նորութիւններ կ՛ունենայ` մշակութային տարբեր  ձեռնարկներու իմաստով», ըսաւ ան:

Կ. Քեպապճեան հաստատեց, որ եթէ Շուշիի մէջ տիրող ներկայ աշխատանքը նոյն թափով շարունակուի, ապա յաջորդ հինգ տարիներուն ամբողջ Շուշին գրեթէ վերականգնած կ՛ըլլայ:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան մարզին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ելեկտրականութեան հարցեր չկան:

«Լեռնային Ղարաբաղը Լիբանանէն լաւ է այդ իմաստով, որովհետեւ Ղարաբաղի պետութիւնը գետերուն վրայ սարքած է ջրելեկտրակայաններ եւ ելեկտրական հոսանքի առումով ինքնաբաւ է: Ճիշդ է, որ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար Լեռնային Ղարաբաղը իր ելեկտրականութիւնը ստացած է Հայաստանէն, սակայն այսօր ան ինքնաբաւ է եւ նոյնիսկ պատրաստ է ելեկտրական իր հոսանքը արտահանելու», ըսաւ ան:

Ան աւելցուց, որ ջրելեկտրակայաններու կառուցման մարզը ինքնին ներդրումային հսկայ դաշտ մը կը նկատուի, աւելցնելով, որ ծրագիրը հեզասահ կ՛ընթանայ, որովհետեւ այդ իմաստով ներդրումներ կան:

«Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը կը շարունակուի: Այո՛, մեր տղաքը զէնքով եւ արեան գնով ազատագրեցին մեր հողերը, սակայն այսօր մենք մեր դրամին գնով պէտք է պահպանենք ազատագրուած հողերը: Հետեւաբար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բացուած իւրաքանչիւր նոր գործարան համազօր է այլ տարածքի մը ազատագրումին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ յաղթանակ, այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում», ըսաւ ան:

Կ. Քեպապճեան աւելցուց, որ այդ պայքարի ճամբուն վրայ իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք:

«Շատեր կը դիմեն Ղարաբաղ երթալու համար, սակայն կարեւորը այն է, որ անոնք երթան եւ գոհ մնան, երթան եւ տուն ունենան, գործ ունենան: Պետութիւնը կարելի եղածին չափ իր կարելիութիւնները կը տրամադրէ, սակայն անիկա բաւարար չէ եւ, հետեւաբար, հարկ է անձնական ներդրումները զօրացնել», ընդգծեց Կ. Քեպապճեան:

«Վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի աշխուժ են: Լիբանանը իբրեւ գաղութ Ղարաբաղի համար շատ կարեւոր է եւ Ղարաբաղը Լիբանանի վրայ մեծ յոյսեր ունի:

Ներդրումներու իմաստով Լիբանանէն շատ աւելի մեծ ծրագիրներ կը սպասուին, սակայն Լիբանանի տնտեսական վիճակն ու տիրող պայմանները չեն թոյլատրեր, որ նման բան կատարուի:

«Վերաբնակեցումի պարագային, տակաւին մեծ աշխատանքներ կան կատարուելիք:

Հսկայական գումարներու կարիքը կայ վերաբնակողներուն թիւը բազմապատկելու նպատակով: Այս աշխատանքը դժուար կ՛ընթանայ նաեւ այն պատճառով, որ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ պետութիւն ճանչցուած չըլլալուն համար ներդրումները անձնական մակարդակով պէտք է ըլլան` հարստացնելու համար Ղարաբաղի պետական պիւտճէն եւ բարգաւաճեցնելու երկիրը:

«Այսօր Ղարաբաղի մէջ 30 պանդոկ կայ: Ղարաբաղի զարգացման միջոցը անոր զբօսաշրջութեան եւ դրամատնային մարզերը բարգաւաճեցնելու մէջ կը կայանայ: Հսկայ մարզեր կը նկատուին նաեւ  հանքագործութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնը:

Նոր ծրագիրներ իրագործելու առումով, ներկայիս կ՛աշխատինք Զանգելանի մէջ, Արաքս գետի ափին գտնուող ազատագրուած տարածքները, որոնք հազարաւոր հեկտարներուն վրայ կ՛երկարին լրիւ տրամադրելու այն անձերուն, որոնք պատրաստ են ներդրում կատարելու եւ գիւղատնտեսութեամբ ու անասնաբուծութեամբ զբաղելու:

«Այս ծրագիրները միայն զոհողութեամբ եւ քաջութեամբ է, որ կը յաջողին: Ղարաբաղի պետութիւնը ամէն ձեւով կ՛աջակցի  եւ կը պաշտպանէ Ղարաբաղի մէջ ոեւէ ներդրողի:

«Մենք պատրաստ ենք բոլոր ներդրողներուն օգտակար դառնալու: Անձամբ պատրաստակամ եմ օժանդակելու իւրաքանչիւր անհատի, որ լուրջ ծրագիրներ ունի: Այս իմաստով արդէն իսկ մեծաթիւ դիմումներ կան: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամէն ձեւով դիւրութիւններ պիտի տրուին գործարարներուն, պետութիւնը յատուկ քաղաքականութիւն կը վարէ դիւրացնելու համար ներդրողին աշխատանքը` հարկային պարտաւորութիւնները նուազեցնելու եւ գործարարն ու ներդրողները գոհ պահելու ու նոր ծրագիրներ իրագործելու համար:

«Հարկ է աւելցնել, որ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի կատարած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն կարելի է իմանալ, որ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն կողմէ վերաբնակեցման, գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան բարգաւաճման նպատակով մշակուած են յանդուգն ծրագիրներ, որոնք պիտի աշխուժացնեն Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութիւնը:

«Պէտք է նաեւ ըսել, որ «Միտըլ Իսթ»-ի ուղղակի թռիչքները շատ կարեւոր են: Այս ամառ մեծ թիւով գործարարներ այցելեցին Ղարաբաղ` ներդրումի շարք մը աշխատանքներ իրականացնելու համար: Շատ օգտակար է, որ այս ճամբաները ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքը շարունակել առանց որեւէ կաղացումի», նշեց Կ. Քեպապճեան:

Սուրիոյ տագնապին եւ սուրիահայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Քեպապճեան ըսաւ, որ ինք տասը տարի առաջ այցելած է Սուրիա եւ` ըսած, որ մենք Միջին Արեւելքի մէջ ապահով չենք, հետեւաբար պէտք է ըլլանք կարկինի պէս, կարկինին սուր մասը պէտք է խրուած ըլլայ Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, իսկ միւս մասը դառնայ կլոր:

«Այսինքն մեր մէկ ոտքը պէտք է հայրենիքին մէջ ամուր դրուած ըլլայ, իսկ միւսը լրիւ աշխարհով կրնայ դառնալ:

«Մենք չենք ըսեր` սփիւռքը քանդեցէք, եկէք Ղարաբաղ, ամէն մարդ թող ունենայ իր տունը, բայց այլ տուն մըն ալ թող կառուցէ հայրենիքին մէջ:

«Ո՛վ որ ի վիճակի է եւ կարողութիւնը ունի, պէտք է զուգահեռ քայլ մը առնէ Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Իրաքը պէտք էր դաս ըլլար մեզի, եւ անդրադառնայինք, որ նոյնը կրնայ պատահիլ Սուրիոյ մէջ: Թուրքիա արթուն կը հսկէ Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ բոլոր երկիրներուն մէջ գտնուող մեր գաղութները վտանգուած են: Թուրքիան իր սահմանին մօտ հայկական օճախներ չ՛ուզեր տեսնել:

«Մենք պէտք է ըլլանք հեռատես: Անկախ այն իրականութենէն, որ Լիբանանը կամ Սուրիան լաւ են թէ վատ, մեր ընդհանուր ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը ծրագրաւորուած կերպով հզօրացնելը: Այս աշխատանքը պիտի ըլլայ տարբեր հանգրուաններով, այսինքն անոնք, որոնք կրնան իրենց արհեստը ընդլայնել եւ ընդարձակել պէտք է իրենց հայեացքը ուղղեն Հայաստան եւ Ղարաբաղ:

«Սուրիոյ մէջ հայութեան կորսնցուցած գործարաններուն շահերը  եթէ Ղարաբաղի մէջ ներդրուէին եւ հոն ալ գործարաններ ըլլային, աւելի քան հազարաւոր ղարաբաղցիներու եւ սուրիահայերու համար աշխատանքի առիթ ստեղծուած կ՛ըլլար», ըսաւ ան:

Մեծ Վարպետը հաստատեց, որ այս հանգրուանին միջազգային ընտանիքին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կայ:

«Զուիցերիոյ խորհրդարանի անդամներ այցելեցին Ղարաբաղ, Ֆրանսայի կառավարութեան անդամ հայութեան բարեկամ նախարարները մնայուն կերպով կ՛այցելեն Ղարաբաղ: Վերջերս Լաթվիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ խորհրդարանական գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ, Մէյն, Ռոտ Այլընտ եւ Մասաչուսեց շրջանները, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգը ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

«Եւրոպայէն մեզի այցելող երեսփոխաններն ու պետական անձնաւորութիւնները Ղարաբաղը ընդունած են իբրեւ եւրոպական չափանիշներով եւ մակարդակով երկիր մը, միջազգայնականացումի ճամբուն վրայ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչցուելու բոլոր տուեալները ունի:

«Միջազգային կազմակերպութիւնները եւ պատուիրակութիւնները, որոնք կ՛այցելեն Ղարաբաղ, կը հաստատեն, որ Ղարաբաղի մէջ իրենք կը տեսնեն ժողովրդավարական վարչակարգով ընտրուած պետութիւն, երկրին սահմանադրութեամբ գծուած են երկրին սահմանները:

«Մեզի կը մնայ Ղարաբաղը զարգացնել, հզօրացնել: 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումէն ետք Ղարաբաղի ազատագրական պայքարը սփիւռքի ամենամեծ յաղթանակն էր: Կարգ մը մարդոց համար Ղարաբաղը տակաւին երազ է, ես իւրաքանչիւր հայէ կը խնդրեմ, որ նուազագոյնը անգամ մը եւ ամէն գնով այցելէ Ղարաբաղ», շեշտեց Կ. Քեպապճեան:

Հոս հարկ է նշել, որ Ղարաբաղի հետ Կ. Քեպապճեանի կապը սկսած է նախքան անոր ներկայացուցչական պաշտօնի ստանձնումը:

Մարտարուեստի ուսուցման  ընդմէջէն Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը մեծ աշխատանք տարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի ուշուի ֆետերասիոնը Ստեփանակերտի մէջ:

1998 դեկտեմբեր 21-ին, Մեծ Վարպետը Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան հետ Ստեփանակերտի մէջ հիմնեց Լեռնային Ղարաբաղի ուշուի ֆետերասիոնը:

Կ. Քեպապճեան յայտնեց, որ Արցախի ազատագրական պայքարէն անմիջապէս ետք 18 գիւղերու մէջ մասնաճիւղեր բացուեցան, Մեծ Վարպետին հովանաւորութեամբ 4 մարզիչներ գործուղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ եւ գլխաւորութեամբ աւագ մարզիչ` լիբանանահայ Յարութ Ադամեանի աւելի քան 3500 պատանիներ մարզուեցան եւ անոնց մէջ սերմանուեցան հայրենիքին հանդէպ մշտավառ սէրն ու նուիրուածութիւնը, դառնալու համար հայոց լեռնաշխարհի իսկական պաշտպանները: Լեռնային Ղարաբաղի ուշուի ֆետերասիոնը տակաւին կը կատարէ իր առաքելութիւնը եւ Ստեփանակերտի մէջ գործող կեդրոն մը ունի:

Իր գործունէութեան ընթացքին ֆետերասիոնը յաջողեցաւ իրագործել իր ազնիւ նպատակները` առողջ մարմին, արթուն միտք եւ ազնիւ հոգի նշանաբանին ներքեւ: Ֆետերասիոնը մինչեւ օրս կը գործէ եւ աշխարհի մէջ ուշուի ախոյեաններ կը պատրաստէ:

Եւրոպայի ուշուի ախոյեան Դաւիթ Գիրգորեան, Թուրքիոյ մէջ` Եռագոյնը ուսերուն:

Կ. Քեպապճեան յայտնեց, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ուշուի Եւրոպայի համաշխարհային մրցումներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Դաւիթ Գրիգորեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան եւ բարձրացուց եռագոյն դրօշը:

Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն կողմէ նորագոյն եւ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող ծրագիրին մասին խօսելով` Կ. Քեպապճեան յայտնեց, որ անիկա առաջին ազգային վիճակախաղն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանին նախաձեռնութիւնը կը նկատուի:

Վիճակախաղը պիտի խաղարկուի 28 դեկտեմբեր 2013-ին: Վիճակախաղին տրամադրած նուէրներն են` բնակարաններ, ինքնաշարժներ, օդանաւի տոմսեր, արցախեան զարդանախշերով գորգեր եւ ոսկերչական իրեր:

«Մասնակցելով վիճակախաղին` դուք կը նպաստէք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերաբնակեցման պետական ծրագիրի իրագործումին: Վիճակախաղին տոմսին վրայ արձանագրուած է հետեւեալ կարգախօսը.

«Վերաբնակեցումը հայրենիքը վերականգնելու միջոց է»:

«Վիճակախաղի երեք հարիւր հազար տոմս պիտի տպուի: Լիբանանահայ գաղութին յատկացուած պիտի ըլլայ տասը հազար տոմս»:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Առաջին ազգային վիճակախաղի տոմս մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կ. Քեպապճեան շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ վիճակախաղը յաջողութիւն պիտի արձանագրէ եւ դառնայ հետեւողականութիւն ունեցող ծրագիր, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ պիտի գիտակցի, որ այդ վիճակախաղին մասնակցելով, անկախ իր ստանալիք նուէրներէն, իր մասնակցութիւնը բերած պիտի ըլլայ Արցախի վերաբնակեցման:

Կ. Քեպապճեան նշեց, որ անցեալ յուլիսի կիսուն ինք ներկայ գտնուած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 20-ամեակի նշումին:

Ան յայտնեց, որ նախքան 20-ամեակի եզրափակիչ հանդիպումը` տեղի ունեցան եռօրեայ աշխատանքային հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուեցան Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներ:

Ան աւելցուց, որ ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի եւ պետական այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Խորհրդակցութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 20-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին 20-ամեակի յատուկ շքանշանով պարգեւատրուեցան բոլոր ներկայացուցիչները:

«Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան դիւանագիտական աշխատանքի վերաբերող շարք մը հարցեր եւ որդեգրուեցան որոշումներ, որոնք յառաջիկայ տարիներուն աշխատանքը արդիւնաբեր պիտի դարձնեն: Այս առումով յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական պատուիրակութեան հետ կատարուած աշխատանքային համադրումը», նշեց Կ. Քեպապճեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )