Եզրափակում Մէկ Շաբաթ Տեւած Հանդիսութիւններուն. Հայորդիները Ուխտեցին Հաւատարիմ Մնալ Մուսա Լերան Յաղթական Ոգիին

Մուսա լերան հերոսամարտի 98-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի ակումբէն: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբը, Այնճարի կեդրոնական հրապարակէն հոծ բազմութեան մը ընկերակցութեամբ   ուղղուեցաւ դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան-համալիր, ուր տեղի պիտի ունենար հերոսամարտի 98-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն ընկերներ, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, համայնքային եւ միութենական ներկայացուցիչներ, պաշտօնական հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Յովնան Քէշիշեան

Տօնախմբութեան պաշտօնական բացումը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին  կողմէ կատարուած լիբանանեան, հայաստանեան եւ Մուսա լերան քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավարը` Յովնան Քէշիշեան, ողջունեց ժողովուրդը. ան քաջալերանք եւ կորով ներշնչեց ներկաներուն` օրինակ բերելով Մուսա լերան ժողովուրդը եւ անոր մղած հերոսամարտը:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի  կեդրոնական մարմինի անդամ Յակոբ Այնթապլեան իր խօսքին մէջ թելադրեց ներկաներուն պահել ու պահպանել Մուսա լերան մշակութային արժէքներն ու աւանդութիւնները, թոյլ չտալ, որ մոռացութեան մատնուին Մուսա լերան բարբառը եւ գնահատել մուսալեռցի մարդուժը:

Այնթապլեան հաստատեց, որ Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնները աշխարհի չորս կողմերը կը կազմակերպեն հերոսամարտի տօնախմբութիւններ եւ կը ձեռնարկեն նորանոր աշխատանքներ: Անոնք նաեւ կը մասնակցին Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինի ծրագիրներուն` սատարելով անոնց իրագործման:

Ապա բեմ բարձրացաւ Ազգային առաջնորդարանի դպրաց դասերու երգչախումբը`  ղեկավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի: Երգչախումբը հրամցուց փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երգեր: Ուշագրաւ էին «Զարթի՛ր լաօ»-ի եւ «Մուսա լերան պարերգ»-ի կատարումները, որոնք ունէին նաեւ նուագի ընկերակցութիւն շեփորախումբի կողմէ:

Յակոբ Այնթապլեան

Պօղոս Սնապեան

Օրուայ բանախօսը` գրաքննադատ, խմբագիր, ուսուցիչ եւ գրող Պօղոս Սնապեան իր խօսքին սկսաւ Պարոյր Սեւակի  «Սարդարապատ» բանաստեղծութենէն մէջբերելով «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» տողը եւ շարունակեց Մուսա լերան կտրիճները նմանցնելով Ղարաբաղի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսներուն, որոնք ապրելու ազգային ուխտին հետ նուաճեցին նաեւ ազատատենչ տարբեր ժողովուրդներու հիասքանչ համարումը:

Ան խօսելով Մուսա լերան հերոսամարտի տարբեր հանգրուաններուն մասին ըսաւ. «Մուսա լերան կտրիճներուն արձակած անվրէպ գնդակներուն եւ գործունէութիւններուն յաջող ելքին բուն պատճառները լեռնականի առողջ բնազդները չէին միայն եւ որսորդի ռազմավարութիւններու արդիւնք չէին լոկ: Կային աւելի խոր պատճառներ, այն, որ մուսալեռցի կռուողները զինուոր չէին: Անոնք կը կռուէին տարբեր մակարդակներու վրայ: Խրամատին այս կողմը գտնուող մանուկին ճիչը յաղթանակի բուռն ծարաւով մը կը մրրկէր Մուսա լերան կռուողին հոգին: Թշնամիին դիրքերը լրտեսող սուրհանդակ պատանին խռովքի ուրիշ ուժի յայտնութիւն մը կ՛ընէր իր մէջ: Հեռուէն գաւաթ մը ջուր փութացնող աղջկան ակնարկը տարբեր ճակատագրի մը կը կոչէր զինք…»:

Սնապեան ըսաւ, թէ Մուսա լերան հերոսամարտի տօնակատարութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար Մուսա լերան բարձունքին վրայ, ներկայիս կը կատարուի աշխարհի չորս կողմը գտնուող տարբեր երկիրներու մէջ` նախաձեռնութեամբ Մուսա լերան հայրենակցական միութիւններուն:

Ապա հանդիսավարը հերթաբար բեմ հրաւիրեց օրուան մթնոլորտը ճոխացնող երգչուհիներ Ալիս Իբրաճեանը եւ  Սեւան Կարապետեան-Ադամեանը, որոնք ազգային, գաւառական  եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Յայտագիրի աւարտին բեմ բարձրացաւ գիւղի աւանդական թմբուկ-զուռնայի երիտասարդական խումբը, որ խանդավառեց մթնոլորտը եւ հազարաւոր հայորդիներ ձեռք-ձեռքի բռնած կշռութաւոր ձեւով պարեցին Այնճարի աւանդական շուրջպարերը:

Ս. Պատարագ Եւ Աւանդական Մատաղի Օրհնութիւն

Երէկ` կիրակի, 15 սեպտեմբերի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին: Պատարագին ներկայ գտնուեցան պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Պատարագը մատուցեց Լիբանանի  հայոց թեմի  առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան իր քարոզին  ընդմէջէն մարտահրաւէր ուղղեց հայորդիներուն` խուսափելու անձնական շահերէն ու աշխարհային գայթակղութիւններէն եւ ապրելու անձնուէր ու հոգեւոր կեանք մը` նուիրուելով ազգին եւ եկեղեցւոյ:

Պատարագի աւարտին յուշարձան-համալիրին մօտ առաջնորդ սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը` ընկերակցութեանբ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի եւ Կոմիտաս քհնյ. Փանոսեանի: Ապա տեղի ունեցաւ մատաղի բաշխում` բոլոր ուխտաւորներուն:

Հաւատացեալները վերադարձան իրենց տուները` ոգեւորուած Մուսա լերան մարտիկներուն ներշնչած զոհաբերութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES