Անթիլիասի Մէջ Ցեղասպանութեան Նահատակաց Յուշարձան-Մատրան Շինարարութիւնները Կը Շարունակուին

Վեհափառ հայրապետը կը հետեւի շինարարական աշխատանքներուն

Երկու ամիս առաջ Անթիլիասի, Պիքֆայայի եւ Ժիպէյլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ծիրին մէջ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ սկիզբ առին: Այս ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Նահատակաց նուիրուած մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր 2013-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, մայրավանքի շրջափակին մէջ կատարուած աշխատանքներուն մօտէն հետեւեցաւ եւ պէտք եղած ցուցմունքները տուաւ:

Վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը եւ յատկապէս կաթողիկոսարանի շինարարական ծրագիրներով զբաղող ճարտարապետներու յանձնախումբը մօտէն կը հետեւին յիշեալ եւ այլ ծրագիրներու իրագործումին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )