ՀԵՀՈՄ-ի Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արամ Ա. կաթողիկոս` ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատուին եւ վարչութեան անդամներուն հետ

Հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2013-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան:

Վարչութիւնը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը իր ունեցած յառաջիկայ ծրագիրներու մասին: Վեհափառը ողջունելով վարչութեան աշխատանքները եւ մշակած նոր ծրագիրները, շեշտեց համալսարանական հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները համախմբող այս միութեան կարեւոր դերը մեր ժողովուրդին ու յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ:

Վեհափառը յիշեցուց նաեւ, որ բազմաթիւ ՀԵՀՈՄ-ականներ այսօր բարձր դիրքերու հասած են ու կը ծառայեն մեր ժողովուրդին մեր բոլոր գաղութներուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով ՀԵՀՈՄ-ականներ կը շարունակեն մասնակցիլ միջազգային, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական համագումարներու: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը տեղեկացուց, որ ՀԵՀՈՄ-ի անդամ երկու հայ օրիորդներ մաս պիտի կազմեն հոկտեմբերին Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան:

Share this Article
CATEGORIES