Եուրա Մովսիսեան. «Դժբախտաբար Հայաստանի Հաւաքականին Մէջ Մրցակցութիւնը Մեծ Չէ»

Եուրա Մովսիսեան (ձախին)

 

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի նախորդ շաբաթավերջի հարցազրոյցին` կատարուած ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ: Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները, որոնք առնչութիւն ունին հաւաքականին հետ. «Ըսուեցաւ, որ առանց ինծի մեր հաւաքականը պարտուեցաւ Դանիայէն: Դժբախտաբար, մեր հաւաքականին մէջ մրցակցութիւնը այդքան ալ մեծ չէ: Երբ հիմնական մարզիկներէն մէկը բացակայ ըլլայ, ապա անոր փոխարէն մէկը չկայ: 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին մենք միայն մէկ անգամ խաղցանք մեր լաւագոյն կազմով, եւ ատիկա Չեխիոյ դէմ էր: Այս իրականութիւնը նկատի ունենալով կը կարծեմ, որ Հայաստանի հաւաքականը վատ ներկայացումներ չի կատարեր: Մեր կազմը շատ բաներ կրնայ իրագործել, երբ բոլոր ֆութպոլիստները կազմ ու պատրաստ են: «Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռոման Պերեզովսքիի բացակայութեան, ան շատ զօրաւոր բերդապահ մըն է եւ կը նկատուի Հայաստանի հաւաքականին ոգին: Սակայն նշեմ, որ անոր բացակայութիւնը զգալի չդարձուց Գէորգ Գասպարով: «Սակայն հարցը կը վերաբերի տարբեր դիրքերու վրայ գտնուող մարզիկներուն: Իւրաքանչիւր դիրքի վրայ գտնուող մարզիկ անպայման իրեն փոխարինողը պէտք է ունենայ: Եթէ ինծի  փոխարինող մը ունենայինք, անպայման կը յաղթէինք Դանիոյ: «Թէեւ բնակութիւն հաստատած եմ Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), սակայն նախընտրեցի կրել Հայաստանի ազգային հաւաքականին շապիկը` մերժելով ամերիկացիներուն առաջարկը: Թէեւ Դանիայէն կրած մեր պարտութենէն ետք Պրազիլի տոմս մը ապահովելը գրեթէ չքացաւ, բայց մեծ հաւատք ունիմ եւ ինքնավստահ եմ, որ մեր հաւաքականին ապագան փայլուն է»:

Share this Article
CATEGORIES