Ժընեւի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն` Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Հարցին Շուրջ. «Սուրիական Վարչակարգին Դէմ Ուժի Օգտագործման Սպառնալիքը Տակաւին Առկայ Է» Ըսաւ Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ շարունակուող տագնապը դրացի երկիրներուն վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն ունի` աւելցնելով, որ «զանգուածային քանդումի զէնքի օգտագործումը պատերազմական ոճիր է եւ միջազգային ընտանիքին դէմ ուղղուած սպառնալիք մը»:
Խօսելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու հարցին շուրջ իր գոյացուցած համաձայնութեան մասին` Քերրի ըսաւ, որ «այն, որուն շուրջ Ժընեւի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցինք, շրջագիծն է համաձայնութեան մը, որ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ գործադրութեան հանգրուան պէտք է մուտք գործէ»:
Քերրի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին դէմ բռնի ուժի օգտագործման սպառնալիքը տակաւին առկայ է»` աւելցնելով, որ «դիւանագիտութիւնը միշտ ալ Միացեալ Նահանգներու համար լաւագոյն միջոցը եղած է, եւ նախագահ Պարաք Օպամա յստակ էր, երբ ըսաւ, որ ուժի օգտագործման սպառնալիքը տակաւին առկայ է»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ռուսիա համաձայն գտնուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի որեւէ օգտագործում 7-րդ յօդուածին տակ կը մտնէ»` աւելցնելով, որ «քիմիական զէնքերը քանդելը տագնապը պիտի չլուծէ, սակայն քայլ մը դէպի յառաջ է»: «Սուրիական ընդդիմութեան մեր աջակցութիւնը պիտի շարունակուի», ըսաւ ան:
Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ «արարքները միայն եւ ոչ թէ խօսքերը Սուրիոյ քիմիական զէնքերու վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան արդիւնքը պիտի ճշդեն»:
Օպամա–Ռուհանի Նամակներու
Փոխանակում
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա բացայայտեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ Սուրիոյ տագնապին շուրջ նամակներ փոխանակած է:
Օպամա մերժեց սուրիական թղթածրարին նկատմամբ իր քայլերուն ուղղուած քննադատութիւնները, ինչպէս նաեւ Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման համար` ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ սուրիական ընդդիմութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները:
Սպիտակ տան ղեկավարը ողջունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի թափած դիւանագիտական ջանքերը:
Հանրապետական ծերակուտականներ Ճոն ՄքՔէյն եւ Լինտսի Կրահամ բուռն կերպով քննադատեցին ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը եւ զայն «անիմաստ» նկատեցին:
Անոնք միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու բարեկամներն ու թշնամիները այդ համաձայնութիւնը «ամերիկեան տկարութեան» ցուցանիշ մը պիտի նկատեն` նշելով, որ այդ համաձայնութիւնը հիւլէական զէնք ձեռք բերելու ձգտող Իրանի համար քաջալերանք մը պիտի ըլլայ: Սակայն Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ «Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու ողջմտութեան ցուցանիշն է»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «սուրիական քիմիական զէնքին վերաբերեալ համաձայնութիւնը կարեւոր է, սակայն պարզապէս առաջին քայլ մըն է»` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ զոհերուն թիւը կը բարձրանայ, եւ պէտք է քաղաքական լուծում մը փնտռել»:
Ան նշեց, որ ներկայիս առաքելութիւնը չափաւորական ընդդիմութեան զօրակցիլն է եւ ոչ թէ ահաբեկիչներուն:
Սուրիա Ռուս–Ամերիկեան Համաձայնութիւնը
Իր Յաղթանակը Կը Նկատէ
Սուրիոյ ազգային հաշտութեան հարցերով նախարար Ալի Հայտար յայտնեց, որ Դամասկոս շնորհակալութիւն յայտնած է Մոսկուայի` շրջանին մէջ պատերազմը կանխարգիլելուն համար: «Մենք կ՛ողջունենք այդ համաձայնութիւնը: Մէկ կողմէ, ատիկա պիտի օգնէ ճգնաժամէն դուրս գալու, իսկ միւս կողմէ` պիտի կանխարգիլէ Սուրիոյ դէմ պատերազմը», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, Քերրիի հետ Լաւրովի համաձայնութիւնը «կ՛ապահովէ միջազգային աջակցութիւնը, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդի ներկայացուցիչները նստին բանակցութեան սեղանին շուրջ եւ յաջորդ փուլի ընթացքին լուծեն ներքին խնդիրները»` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը Սուրիոյ համար յաղթանակ մըն է, որ կարելիութիւն պիտի տայ լուծելու ոչ միայն քիմիական զէնքի խնդիրը, այլ նաեւ երկրին հետագայ հարցերը:
Զաուահիրի Իսլամական Ընդդիմադիրներուն
Կոչ Կ՛ուղղէ Աշխարհիկներուն Հետ Չդաշնակցելու
Քայիտայի ղեկավար Այման Զաուահիրի սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ եղող իսլամականներուն կոչ ուղղեց պայքարելու թէ՛ սուրիական վարչակարգին, թէ՛ ընդդիմութեան դէմ: Ըստ անոր, Արեւմուտքի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն կողմէ աջակցութիւն ստացող Սուրիական ազատ բանակը ոչինչով լաւ է կառավարական զօրքերէն:
Ան հերքեց, որ Քայիտան Սուրիոյ մէջ շուկաներու եւ մզկիթներու դէմ յարձակումներ կը գործէ` նշելով, որ «իսլամներուն կամ ոչ իսլամներուն արիւնը հեղել իսլամական օրէնքով արգիլուած է»` աւելցնելով, որ Քայիտա այդ արարքներուն անմասն է: Ան ըսաւ, որ եթէ այդ յարձակումները գործողները Քայիտայի անդամներ են, ապա հաշուետուութեան պիտի կանչուին:
Մինչ այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը երէկ գիշեր այն կարծիքը յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութենէն ետք Սուրիոյ դէմ ամերիկեան հարուածի ծրագիրը այլեւս չեղեալ է` աւելցնելով, որ սուրիական քիմիական զէնքերուն վնասազերծումը մէկ տարի պիտի տեւէ եւ աւարտի 2014-ին:


