Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի զարմանք յայտնեց Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին նկատմամբ լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժերու կողմէ ցուցաբերուած համամտութեան կեցուածքին առնչութեամբ:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը ուղղակիօրէն կապուած է Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ տագնապին վրայ դրուած գրաւներուն:

ԸՍՏ որոշ աղբիւրներու, վարչապետ Թամմամ Սալամ նախանցեալ օր այցելած է Պաապտա եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցած չէզոք կառավարութեան կազմ մը: Նախագահ Սլէյման մերժած է այդ կազմը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է կազմել լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը միացնող կազմ մը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութ Անգարան տեղեակ պահած է, թէ ինք ճշդած է առեւանգուած թուրք օդաչուներուն գտնուած վայրը: Ըստ Պէյրութէն բացայայտուած տեղեկութիւններուն, առեւանգուած օդաչուները կը գտնուին Հարաւային արուարձաններուն մօտակայ շրջանի մը մէջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մերժած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի առաջարկը, որուն հիման վրայ Լիբանանէն կը պահանջուէր զօրակցիլ Սուրիոյ դէմ գործուելիք զինուորական հարուածին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, այս տարի ոստիկաններն ու ապահովութեան ուժերը թմրեցուցիչի ցանքերը պիտի չփճացնեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան  երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ պէտք է մտածել հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու եւ ոչ թէ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանի երկարաձգումին մասին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ կարելի չէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան վրայ վստահիլ եւ անտեսել հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին իրաւասութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Նիսի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Լիբանան զերծ պիտի կացուցուի շրջանը հարուածող զարգացումներէն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ կառավարութեան  կազմութեան ջանքերը վերաշխուժացած են եւ կ՛ուղղուին դէպի սեղմ կառավարութեան մը կազմութիւնը:

ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան նկատմամբ կրնայ տարբեր մօտեցում ցուցաբերել, քան ինչ որ էր նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կեցուածքը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Հըզպալլա չի կրնար «Պաապտայի յայտարարութեան» յարմարիլ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ մարոնի եպիսկոպոսները պիտի պահանջեն  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին հարցերը կը լուծուին, երբ Հըզպալլան Սուրիայէն հեռանայ եւ կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» միջեւ հակադրութիւններ չկան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան հարցերուն լուծման նպատակով առաջադրուած նախաձեռնութիւնները ժամանակ կորսնցնելու յաւելեալ միջոցներ են:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը կը նկատուի ճամբու քարտէս մը, որուն շնորհիւ կարելի է լուրջ հարցեր լուծել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կազմել հզօր կառավարութիւն մը, որուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ որոնել Լիբանանի ազգային շահերը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկացի եւ ռուս պատասխանատուներ հանդիպում մը ունեցած են Պէյրութի մէջ եւ քննարկած Հըզպալլայի մարտիկները Սուրիայէն հեռացնելու հեռանկարները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ամէնէն արագ միջոցին կազմել կառավարութիւն մը, որ կը նմանի երկրին եւ կ՛ընդգրկէ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը մահացու հարուած մը ստացած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը կը միտի մեղմացնել լիբանանցիներուն ցաւերը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը չեն պահանջած, այլ` կառավարութեան մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ իրենք լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն երկխօսութեան ձեռք կ՛երկարեն, որովհետեւ երկխօսութիւնը հարցերու լուծման միակ միջոցն է:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլա օր մը օրանց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը չէ խոչընդոտած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը քաղաքական խուսանաւում մըն է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )