Եաղի. «Պեքաան Հրթիռարձակումի Թիրախ Դարձնողները Անոնք Են, Որոնք Ականուած Ինքնաշարժներ Ղրկած Էին Հարաւային Արուարձաններ»

Հըզպալլայի Պեքաայի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղի յայտնեց, որ Պեքաայի Լապուէ եւ Զպուտ շրջանները հրթիռարձակումի թիրախ դարձնող կողմերը անոնք են, որոնք ականուած ինքնաշարժներ ղրկած էին դէպի Հարաւային արուարձաններ:

Եաղի հաստատեց, որ իրենց ծանօթ են հրթիռարձակումը կատարող կողմերուն ինքնութիւնը, անոնց հովանաւորներն ու զանոնք ֆինանսաւորողները:

«Այս իրողութեան դիմաց այլեւս լուռ պիտի չմնանք, որովհետեւ համբերութեան բաժակը յորդած է եւ կացութիւնը դարձած է անհանդուրժելի», ըսաւ Եաղի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )