Ռայի Պատրիարքը Աւարտեց Ռումանիա Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ աւարտեց Ռումանիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը` Պուքրէշի նորակառոյց Մար Շարպել եկեղեցւոյ մէջ նախագահելով կիրակի օրուան պատարագին:
Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն` արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը եւ կազմելու ներկայ հանգրուանին Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն դիմադրելու կառավարութիւն մը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անոնք իրաւունք չունին ծայրայեղութեան մերժումին, երկխօսութեան եւ չափաւորականութեան ծիրին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը ամրապնդելու հոլովոյթը ձախողեցնելու:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան մեծ դերակատարութիւն ունի կատարելիք խաղաղութիւն հաստատելու իմաստով, որովհետեւ Լիբանանի վարչակարգը հիմնուած է ազգային համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ երկրին իշխելու շրջագիծին մէջ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարակշռուած գործակցութեան վրայ:
«Լիբանան իր այս իրականութեամբ պէտք է ազդու դերակատարութիւն ունենայ արաբական աշխարհին մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ քաղաքացիները չեն կրնար ներողամիտ ըլլալ եւ արտօնել Արեւելքի մէջ արմատականութեան եւ ահաբեկչութեան տարածումը:
Ռայի պատրիարքը արաբ ղեկավարներէն պահանջեց նաեւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ եւս ապահովական կայունութեան հսկել` հեռու մնալով պատերազմէն եւ ահաբեկչութենէն:


