Սէյիտ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլա Անձնական Ապահովութեան Սկզբունքին Դէմ Է»
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը Դիմադրութեան առանցքը որդեգրող կողմերուն դէմ մղուած պայքարին մէկ օղակն է` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը կը գործէ ի նպաստ Լիբանանի շահերուն` նկատի ունենալով լիբանանեան բազմազանութիւնն ու բազմերանգութիւնը:
Սէյիտ Սաֆիէտտին ընդգծեց, որ Հըզպալլա անձնական ապահովութեան սկզբունքին դէմ է եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր պատասխանատուութիւնները ամբողջական ձեւով ստանձնէ` լիբանանցիներուն պաշտպանութեան առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան


