Միքաթի Զօր. Սերրայի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վերաբերող Հարցեր

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Սերրա հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ յանձնառու կը մնայ իր առաքելութեան` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Զօր. Սերրա հաստատեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Միքաթի զօրակցութիւն յայտնած է ՖԻՆԻՒԼ-ին` շեշտելով, որ գետնի վրայ արձանագրուած յաջողութեան երաշխիքը լիբանանեան ապահովական ուժերուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ զօրակցութիւնն է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )