Պաշիր Ժեմայէլի 31-րդ Տարելիցի Նշում Պիքֆայայի Մէջ
Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան 31-րդ տարելիցին առիթով շաբաթավերջին Պիքֆայայի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, երեսփոխաններ Նետիմ եւ Սամի Ժեմայէլ, Սթրիտա Ժահժահ, Էլի Մարունի, Աթեֆ Մաժտալանի եւ Սամեր Սաատէ, նախկին նախարարներ Քերիմ Բագրատունի եւ Իպրահիմ Նաժժար, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու շարք մը ներկայացուցիչներ:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք խօսք առաւ նահատակ Պաշիր Ժեմայէլի զաւակը` Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, որ շեշտեց, թէ Պաշիր Ժեմայէլ փափաքեցաւ կերտել հանրապետութիւնը, մինչդեռ պահանջուածը երկրին պառակտումն էր:
«Պաշիր Ժեմայէլ իր պայքարն ու տեսլականը կրճատեց մէկ բառով` հանրապետութիւն, եւ այդ իսկ պատճառով նահատակուեցաւ», ըսաւ ան:
Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան հարցերը ցոյց կու տան, թէ երկիրը կը գտնուի անդունդին եզրին` աւելցնելով, որ իրենց փափաքն է պայքարիլ եւ կերտել իրենց յոյսերուն եւ ձգտումներուն համապատասխանող երկիր մը:
Նետիմ Ժեմայէլ կոչ ուղղեց բոլորին վերջ տալու խուսանաւումներուն եւ անկեղծ երկխօսութիւն կատարելու` առանց փոխադարձ սպառնալիքներու: «Մենք կը զօրակցինք մարոնի համայնքի Սֆէյր նախկին պատրիարքին այն կեցուածքին, որ եթէ ազատութեան եւ ազգային համերաշխութեան միջեւ ընտրելու ըլլանք, պիտի ընտրենք ազատութիւնը», եզրափակեց ան: