Նախագահ Սլէյման – Սինիորա Հանդիպում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները` քաղաքական եւ կառավարական առումով, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ Արաբ իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Նուհատ Ժապըր եւ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի:
CATEGORIES Լիբանանեան


