Սարաֆանտի Մէջ. Զբօսաշրջական Նաւ Մը` Ընկղմած
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զբօսաշրջական նաւ մը, որուն վրայ կար 20 հոգի, երէկ ընկղմեցաւ Սարաֆանտի ծովեզերքին մօտ:
Փրկարար ջոկատները անմիջապէս օգնութեան փութացին եւ դուրս բերին նաւուն վրայ գտնուողները, որոնց մեծամասնութիւնը փոխադրուեցաւ շրջանի հիւանդանոցները: Անոնց մէջ կային յղի կին մը եւ երկու լուրջ վնաս կրածներ:
CATEGORIES Լիբանանեան

