Ակնարկ. Սպասելով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութեանց Նոր Ձեւաչափին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրներուն շուրջ 2.5 տարի բանակցելէ ետք, Վիլնիուսի մէջ անոնց վերաբերեալ փաստաթուղթ մը նախաստորագրելէ 2 ամիս եւ Երեւանի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան նախարարներու ժողովը հիւրընկալելէ քանի մը օր առաջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին աւարտին յայտարարեց, որ Հայաստան որոշած է միանալ Ռուսիոյ առաջարկած Մաքսային միութեան: Այդ յայտարարութիւնը հաւասարապէս անակնկալի մատնեց Հայաստանի քաղաքացիներն ու Եւրոպական Միութեան պաշտօնակատարները եւ յաչս վերջիններուս ու միջազգային ընտանիքին հարուածեց Հայաստանի կանխատեսելի գործընկեր մը ըլլալու վարկը: Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ այդ իրողութիւնը մատնանշեց, երբ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին տողատակի Երեւանը քննադատելով ընդգծեց, որ «մեր մտադրութիւնները եւ քաղաքականութիւնը յստակ են, թափանցիկ եւ կանխատեսելի»:

Այսօր հայ մամուլին մէջ աշխուժօրէն կը քննարկուի Մաքսային միութեան միանալու քայլը. ատիկա պէտք էր կատարուէր 3 սեպտեմբերէն շատ առաջ: Ոչ միայն յօդուածներու, այլ նաեւ հրապարակային տարբեր ձեւաչափի քննարկումներու միջոցով, եւ այդ բոլորին պսակումը եղող հանրաքուէի մը ճամբով հասարակութիւնը պէտք էր մասնակից դառնար Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին ու պայմաններուն բերմամբ այլապէս հասկնալի այդ որոշումին: Դժբախտաբար, քաղաքակիրթ երկրի մը յարիր այդպիսի հոլովոյթի մը ձեւաչափը չկիրարկուեցաւ, այլ` Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու տխրահռչակ դիպաշարը կրկնուեցաւ, այն տարբերութեամբ, որ այս անգամ հակազդեցութիւնը բուռն չեղաւ: Լիբանանցիք կ՛ըսեն, թէ լռութիւնը գոհութեան նշան է. այս պարագային անիկա նաեւ կրնայ խոր հիասթափութեան եւ յուսահատութեան նշան մը ըլլալ:

Մաքսային միութիւնը դէպի Եւրասիական միութիւն առաջնորդող տնտեսական նախաքայլ մըն է: Վերջինիս անդամ պետութիւնները` ոչ ժողովրդավար են, իսկ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները` ժողովրդավար: Այստեղ երկու անհամատեղելի արժեչափեր կը գործեն, ահա թէ ինչու անոնցմէ բխող համարկման հոլովոյթները կարելի չէ համատեղել: Ինչպէս ծանօթ է, համարկումի մը անխուսափելի հետեւանքներէն մէկը գերիշխանութենէն որոշ բաժինի մը զիջումն է, սակայն զայն ժողովրդավարական արժէքներով կառավարուող, անդրազգեան եւ տարիներէ ի վեր գործող միութեան մը զիջիլը բան մըն է, ռուսական գաւազանով ղեկավարուող կառոյցի մը զիջիլը` այլ բան:

Արդէն յստակ է, որ Հայաստան Վիլնիուսի մէջ որեւէ փաստաթուղթ պիտի չստորագրէ, եւ լաւագոյն պարագային անոր անունը պիտի նշուի ապագայ ձգտումներու ակնարկող յայտարարութեան մը մէջ: Յաչս Եւրոպական Միութեան «Անառակ որդի»-ի վերածուած Հայաստանի պատուիրակութիւնը այդ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք տօնախմբութեան պիտի մասնակցի հանդիսատեսի մը անախորժ կարգավիճակով: Սակայն այս բոլորը չեն նշանակեր, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները պիտի խզուին, այլ պարզապէս տարբեր մակարդակով պիտի ընթանան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է «կարելի եղածին չափ սերտ, կարելի եղածին չափ խոր յարաբերութիւններ ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ, սակայն ոչ ի վնաս եւ ի հաշիւ Ռուսիոյ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն»: Ֆիւլէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ճամբով պատասխանեց, որ «եթէ հաւատք ու վստահութիւն ըլլայ, այդ հիման վրայ շատ բանի կարելի է հասնիլ», սակայն յստակ է, որ ոչ ամէն բանի. այդ կարելիութիւնը բացառուեցաւ, երբ Փութին 3 սեպտեմբերին կանխարգելիչ հարուած մը հասցուց Հայաստանի վիլնիուսեան ձգտումին: Ապագային երկու կողմերուն միջեւ կրնայ ստորագրուիլ այլ համաձայնագիր մը, որ պիտի ճշդէ երկկողմանի յարաբերութեանց իրաւական հիմքերը, սակայն յստակ է, որ Վիլնիուսի մէջ նախատեսուածին համարժէք պիտի չըլլայ: Առայժմ, ինչպէս Ֆիւլէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, «հաւատք եւ վստահութիւն չկայ, չկայ ստեղծագործականութիւն եւ գրեթէ չկայ յառաջ երթալու ցանկութիւն»:

Արձանագրուած զարգացումէն ետք, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան «փոխլրացման» քաղաքականութիւնը բնականաբար գործնական գետնի վրայ խիստ սահմանափակումներու պիտի ենթարկուի: Կը մնայ տեսնել, թէ 3 սեպտեմբերի որոշումը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի ներքին կացութեան վրայ: «Ըսէ՛ ով է ընկերդ, ըսեմ ով ես դուն». թէեւ ոչ ժողովրդավար երկիրներու համախմբում մը եղող Եւրասիական միութեան անդամակցութեան հեռանկարը մարդկային իրաւանց, ազատ ու արդար ընտրութեանց, ընկերային անարդարութեան, սակաւապետութեան եւ արտագաղթի ախտերուն դարմանման առումով խոստմնալից ապագայի յոյսերու փայփայումը չ՛արտօներ, սակայն կը մաղթենք, որ Հայաստան, հայ ժողովուրդի ինքնեկ ձգտումին եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութեան այդ համազգային ձգտումին աջակից ազդեցութեան շնորհիւ, յաջողի ստեղծուելիք չարիքի ու խաւարի այդ նոր կայսրութեան մէջ լուսաշող փարոսի մը վերածուիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )