Քոնկրեսի Յունաստանի Աջակցութեան Խումբի Համանախագահները Կը Սատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նոր Բանաձեւին
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Յունաստանի աջակցութեան խումբի համանախագահներ Մայքըլ Պիլիրաքիս եւ Քարոլին Մալոունի իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին «Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան եւ ճշմարտութեան» մասին բանաձեւին` իբրեւ փաստ հայ-յունական երկարամեայ համագործակցութեան:
«Մենք կը միանանք ամբողջ ամերիկահայութեան` մեր երախտիքը յայտնելով քոնկրեսականներուն եւ հայ-յունական դաշինքի մեր բոլոր գործընկերներուն` հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն եւ այլ քրիստոնեաներուն նկատմամբ Թուրքիոյ իրականացուցած ցեղասպանութեան միջազգային արդարացի դատապարտման սատարելու եւ առաջնորդելու համար», նշեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
«Յոյները, հայերը եւ Միացեալ Նահանգներու մեր բոլոր համաքաղաքացիները, որոնք կը ձգտին բարձրացնել ամերիկեան գաղափարները, անհամբերութեամբ կը սպասեն այն օրուան, երբ Սպիտակ տունը, ի վերջոյ, պիտի դադրի աջակցելէ Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան եւ պիտի ուղղորդէ թրքական հանրութիւնը եւ պետութիւնը բարոյական ու նիւթական պատասխանատուութիւնը կրելու կատարած ոճիրներուն համար», աւելցուց ան:
Քոնկրեսականներ Պիլիրաքիս եւ Մալոուն միացան «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւին սատարող քոնկրեսականներ Էլիոթ Էնկըլին, Սքոթ Կարեթին, Ռաշ Հոլթին, Սթիվ Իզրայելին, Նիթա Լոուին, Կրէյս Նափոլիթանոյին, Տեւին Նիունեսին, Էլիոսն Շուարցին, Պրետ Շըրմընին, Քրիս Վան Հոուլենին, Հենրի Ուաքսմանին, Ճոն Թիեռնինին, Ճենիս Չայքովսկիին եւ այլ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ովքեր արդէն իսկ մեծ ներդրում ունին արդարութեան հաստատման այս ազնիւ գործին մէջ: