Ինիեսթա Մերժեց Պայմանագիրը Երկարաձգելու Առաջարկը
Sport.es կայքէջը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը յայտնէ, որ Պարսելոնայի 29 տարեկան միջնապահ Անտրես Ինիեսթա մերժեց նոր պայմանագիր կնքելու վերաբերեալ ակումբին առաջին առաջարկը:
Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը նշէ, որ ֆութպոլիստը այս որոշումին յանգած է` նկատի ունենալով, որ համաձայնագիրին պայմանները հեռու են իր պահանջէն:
Ի մասնաւորի կը նշուի, որ ան դժգոհ է անկէ, որ իր աշխատավարձը չի մտներ ակումբին լաւագոյն հինգ աշխատավարձերուն մէջ:
Պարսայի հետ անոր օրինական պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2015-ին:
CATEGORIES Մարզական

