Անչելոթթի. «Երեքշաբթի Օր Քասիաս Պիտի Ըլլայ Հիմնական Կազմին Մէջ»

Իր լուրը քաղելով Footballespana.net-էն` Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ բերդապահ Իքեր Քասիաս երեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին պիտի ըլլայ հիմնական կազմին մէջ:

Երեքշաբթի օրուան այս մրցումին, արքայական կազմը Պոլսոյ մէջ պիտի մրցի Կալաթասարայի դէմ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )