Ռմբակոծել` Յանուն Բարոյականի
ԵԱՆ ՓՈՒՐՈՒՄԱ
Ամերիկայի նախագահ Պարք Օպամայի գլխաւոր առաւելութիւններէն եղած էր միշտ ճարտասանութիւնը: Սակայն այսօր կը թուի, թէ իր խօսքերը իրեն նահանջել տուած են թակարդի մէջ: Անցեալ մարտին ըսած ըլլալէ ետք, թէ Միացեալ Նահանգներ «պիտի չարտօնեն քիմիական զէնքերու գործածութիւնը սուրիացի ժողովուրդին դէմ», եւ անցեալ տարի յիշատակած ըլլալէ ետք, թէ «կարմիր գիծ» մը կար, զոր պէտք չէր անցնիլ, Օպամա պիտի կորսնցնէր իր դիմագիծը, եթէ երբեք ուժականօրէն չհակազդէր սպանդի մը, որ կը վերագրուի սուրիական վարչակարգին, որ խլած էր աւելի քան հազար քաղաքացիներու կեանքերը` սարին կազի միջոցով: Շատ բացորոշ է, որ իր դիմագիծը չկորսնցնելու վտանգը ընդունելի բանաւոր պատճառ մը չէ ուրիշ երկրի մը վրայ յարձակում գործելու համար:
Այդ, արդեօք ինչո՞ւ համար Օպաման ինքզինք կաշկանդեց, առաջին հերթին, նման հռետորաբանութեամբ մը: Ան ինչո՞ւ որդեգրեց մասնաւորաբար այսպիսի ողեգիծ մը: Միացեալ Նահանգների արտաքին գործոց նախարարը Ճոն Քերրի իրաւացի է կազի օգտագործումը որակելու որպէս «բարոյական վատասերում»: Բայց երկու տարիներէ ի վեր շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին բերումով, մանուկներու չարչարանքի ենթարկումը նոյնպէս այդպիսին է: Քաղաքացիներու սպանութիւնը քիմիական արտադրանքներով, բարոյապէս արդեօ՞ք աւելի վատասերում է, քան` զանոնք ռմբահարելը, անոնց վրայ կրակելը կամ զանոնք սովամահ դարձնելը… Ա. Աշխարհամարտէն ասդին, երբ գործածուեցաւ մանանեխի կազմը, բոլորին կողմէ ընդունուած եղաւ, որ որոշ զէնքեր աւելի անբարոյական են ուրիշներէ: Զանգուածային բնաջնջման զէնքերը, հիւլէական ռումբը` մասնաւորաբար, վստահաբար աւելի մեծ աւերներ կը գործեն եւ` աւելի մեծ արագութեամբ, քան` աւանդական զէնքերը: Բայց, իրականութեան մէջ, իրօք գոյութիւն ունի՞ յստակ բարոյական տարբերութիւն մը, երբ Հիրոշիմայի մէջ շուրջ 100 հազար մարդ կը սպաննուի հիւլէական մէկ ռումբով կամ անկէ աւելի մեծ թիւով մարդիկ մէկ գիշերուան ընթացքին Թոքիոյի մէջ` հրդեհ պատճառող բազմաթիւ ռումբերով: Արդեօ՞ք աւելի անբարոյական է, օրինակ, կազամահ ընելը հրեաները, քան` զանոնք զգետնելը հասարակաց մահափոսերու մէջ…
Այսպիսի զատորոշումի համաձայն է, օրինակ, Նիքոլաս Քրիսթոֆ մը, որ կը պաշտպանէ այս կարծիքը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ, որ կ՛ուզէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ գործածել արագ պատժամիջոց մը` կարծելով, թէ այդպիսով կրնար համոզել զայն, որ հրաժարէր քիմիական զէնքերու գործածութենէն, եւ վերադառնար գործածելու «աւելի հասարակ միջոցներ» ջարդելու իր ժողովուրդը… Իմ կարծիքով, ասիկա ոչ մէկ իմաստ ունի: Հարցը այս չէ, հարցը վստահօրէն ջարդն է, եւ ոչ թէ գործածուած միջոցները:
Բոլոր պարագաներուն, բարոյապէս ընդվզիլը, իրաւացի ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ պատերազմի մէջ մտնելու համար: 1980-ականներուն Սատտամ Հիւսէյն հարիւր հազարաւոր իրանցիներ եւ քիւրտեր կազամահ ըրաւ… Միացեալ Նահանգներու նեցակցութեամբ:
Ասիկա իրաւագիտական հա՞րց մըն է արդեօք:
Քիմիական զէնքերու գործածութիւնը իրականութեան մէջ խախտում մըն է միջազգային պայմանագրութիւններու տրամադրութիւններուն, որոնցմէ մին է, օրինակ, քիմիական զէնքերու արգիլման պայմանագրութիւնները, որուն Սուրիան չէ յարած եւ` ժընեւեան փրոթոգոլը, որուն տակ ստորագրած է Սուրիա: Հետեւաբար, եթէ Սուրիոյ վարչակարգը իրօք գործածած է քիմիական զէնք, ուրեմն գոյութիւն ունի բանաւոր պատճառ` Ասատը համարելու պատերազմի ոճրագործ, եւ այդ պարագային ան պէտք է մեղադրուի եւ դատուի Միջազգային պատժական ատեանին կողմէ, որ հաստատուեցաւ միջազգային համաձայնագրով, զոր Միացեալ Նահանգներ երբեք չվաւերացուցին: Արդ, շրջանցելով ՄԱԿ-ը, շղթայազերծել ապօրինի պատերազմ մը` պատժելու համար ապօրինի արարք մը… դիւրաւ պաշտպանելի քաղաքականութիւն մը չէ:
Այդուհանդերձ, հաւանաբար կրնայինք յառաջ քշել հետեւեալ տրամաբանութիւնը, թէ «միջազգային հանրութիւն» ըսուածը, կամ` արեւմտեան երկիրները, կամ` Միացեալ Նահանգները, որպէս արեւմտեան գլխաւոր գերտէրութիւն, պարտին վստահաբար, տեղ մը, բան մը ընել: Պատասխանատու կառավարութիւններ ինչպէ՞ս կրնան ձեռնպահ մնալու երես դարձնել, երբ անմեղ անձեր առարկան կ՛ըլլան զանգուածային սպանդի: Բայց ճշգրտօրէն ո՞ւր պէտք է բան մը ընել: Ցեղասպանութեան արարք մը կը նկատուի քանիներո՞ւ սպանութեան պարագային: Հարիւր հազարաւորներո՞ւ: Միլիոններո՞ւ: Կամ թէ՞` թիւը չի մտներ հաշուի մէջ: Ցեղասպանական արարք մը վերջ ի վերջոյ նպատակադրութեան, մտադրութեան հարց մըն է, այսինքն ասոր մէջ կայ նպատակը սպաննելու կամ հալածելու անձեր` իրենց ցեղային եւ ազգային պատկանելիութեան կամ կրօնական հաւատքին պատճառով: Սկզբունքով, այս դրդապատճառներով սպանութիւնը` տասը կամ երկու անձերու միայն, ցեղասպանութեան տեսակ մը կը կազմէ…
Այս խնդրին կարելի է մօտենալ ուրիշ անկիւնէ մը: Երկրի մը մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելէ առաջ մտածելը կ՛ենթադրէ հարցումը գիտնալու, թէ այս արարքով հաւանականութիւն կա՞յ կացութեան բարելաւման, նոր կեանքերու փրկութեան եւ աշխարհի աւելի ապահով վայրի մը վերածումին…: Այո, քաղաքայիններու դէմ գործածուող բռնութիւնը, այդ ըլլայ սարին կազով կամ մարտական ուղղաթիռներու միջոցով, բարոյական վատասերում մըն է: Ասոր պատասխանելու խնդիրը կ՛ենթադրէ հարց տալ ինքն իրեն, թէ ո՞րն է լաւագոյն լուծումը: Արդարութիւնն ու բարոյականը մեծ կապ մը չունին այսպիսի որոշումի հետ: Միջազգային պատժական ատեանին միջամտութիւնը, ինչպէս «Մարդասիրական միջամտութիւն»ը, աւելի մեծ առիթներ ունի ստեղծելու համար դրական արդիւնք մը` տկար երկիրներու պարագային (ինչպէս, օրինակ` Սերպիոյ, Մալիի կամ Սիերրա Լէոնէի), քան` հզօր երկրի մը պարագային: Ոչ ոք նկատի պիտի ունենար հրթիռներու արձակում մը Չինաստանի կամ Ռուսիոյ վրայ` պաշտպանելու համար մարդկային իրաւունքները կամ յարգել տալու համար միջազգային կանոններն ու պայմանագրութիւնները պատերազմի վերաբերեալ: Սուրիա, ինչպէս շատեր ընդգծեցին, Լիպիա կամ Մալի չէ: Ան նաեւ հզօր տէրութիւններէն չէ: Սակայն քաղաքացիական պատերազմը, որ արդէն իսկ կատաղի դարձած է եւ դուրս եկած է իր սահմաններէն, ներքաշելով աւելի նկատառելի պետութիւններ, ինչպէս` Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան: Անկասկած որ շրջանային բռնկում մը անսահմանօրէն աւելի վատ պիտի ըլլար, քան` քաղաքացիական պատերազմին բարոյական վատասերումները:
Բացարձակապէս ապահով չէ, թէ ամերիկեան միջամտութիւն մը պիտի նուազեցնէր վտանգը աւելի մեծ հակամարտութեան մը բռնկումին: Իրականութեան մէջ, ամերիկեան միջամտութեան կարգ մը կողմնակիցիները, միասնաբար նոր պահպանողականներն ու «ազատական բազէները», կը թուին յուսալ ճիշդ հակառակը, ասոնք կը բարձրաձայնեն արդէն իսկ իրենց ցանկութիւնները Իրանի դէմ պատերազմի ուղղութեամբ: Եւ հաւանաբար Օպամա իր միտքին մէջ ունի նաեւ կապ մը` իր «Կարմիր գիծ»-ին Սուրիոյ վերաբերեալ եւ Իրանի հանդէպ իր ծրագրին միջեւ, հաւանաբար` ոչ մտածուած ձեւով, որպէսզի արգիլէ հիւլէական զէնքի արտադրութեան ծրագիրը Իրանի: Իսկ ի՞նչ կը սպասուի ուրեմն սուրիական թիրախներու վրայ ամերիկեան հարուածներէն, երբ Օպամա արդէն մատնանշեց, թէ այդ հարուածներուն նպատակը Սուրիոյ վարչակարգին տապալումը չէ: Այդ հարուածները վերջ պիտի չդնեն քաղաքացիական պատերազմին: Բայց արդէն մէկ հրթիռն անգամ բաւական է, որ Միացեալ Նահանգները մասնակիցը դարձած ըլլան քաղաքացիական պատերազմին` վերաբորբոքելով բռնութիւնը: Այս վտանգին պատասխանատուութիւնը վերցնել Օպամայի պատիւը փրկելու համար միայն, մասնաւորաբար կշռադատ քայլ մը չի թուիր ըլլալ:
Այս տեսակէտը կը բաժնեն բազմաթիւ սուրիացիներ, ներառեալ ըմբոստներու շարքերուն մէջէն: Այս է կարծիքը նաեւ եւրոպացիներու մեծամասնութեան, նաեւ` ամերիկացիներու մեծամասնութեան: Հաւանաբար այս է նաեւ տեսակէտը նոյնինքն Օպամայի, եւ այդ իսկ պատճառով ան անյուսօրէն կը փորձէ ժամանակ շահիլ` ամերիկեան քոնկրեսին յղելով վաւերացումը Սուրիոյ դէմ զէնքի ուժի գործածութեան: Իր պաշտօնին հասած օրէն քոնկրեսին հետ իր յարաբերութիւնները հեռու եղան դիւրասահութենէ: Բայց ան այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի քոնկրեսին… ապահովելու համար իր կողը:
ԵԱՆ ՓՈՒՐՈՒՄԱ
(Նիւ Եորքի Պարտ քոլեճի դասախօս` ժողովրդավարութեան,
մարդկային իրաւանց եւ լրագրութեան նիւթերու շուրջ)
(*) Եան Փուրումա հեղինակն է «Tamig the Gods: Relegion and Democracy on Three Continents» (Աստուածներու ընտելացումը.- կրօն եւ ժողովրդավարութիւն երեք ցամաքամասերու վրայ): Այս գրութիւնը Project syndicate-ի թողարկումն է անգլերէն լեզուով: Ճուլիա Կալլին զայն թարգմանած է ֆրանսերէնի, որուն բնագիրը Մեթր Գ. Տէրտէրեան թարգմանած է հայերէնի: Այս գրութեան ֆրանսերէն բնագիրը լոյս տեսած է լիբանանեան L’Orient Le Jour օրաթերթի շաբաթ 7 սեպտեմբեր 2013 թուակիր համարին մէջ: Գ. Տ.