«Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Տարեկան Դաշտահանդէս
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 օգոստոսին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան դաշտագնացութիւնը:
Աւելի քան 170 հայուհիներ, ԼՕԽ-ականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն պտոյտին: Այս տարի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի պտոյտը կը ներառէր այցելութիւն դէպի Մար Ապտա ուխտատեղին, Ժէհիթա քարայրը եւ Հարիսա: Ճաշի ընթացքին խօսք առաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ հրաւիրեալներուն իրենց մասնակցութեան համար եւ յորդորեց ներկաները ըլլալ օրինակելի` բարձր պահելու հայութեան եւ ԼՕԽ-ի տիպար պատկերը:
Երեկոյեան, պտոյտի աւարտին, բոլոր մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին վարչութեան` այս պտոյտի կազմակերպման համար` մաղթելով, որ յառաջիկային եւս կրկնուին նման պտոյտներ: