ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղ. Անդամական Մտերմիկ Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին վերջին ընդհանուր ժողովին ներկաներէն ոմանք առաջարկեցին ունենալ պարբերական անդամական հանդիպումներ` աշխուժացնելու համար մասնաճիւղին ընկերային գործունէութիւնը, խանդավառութիւն ստեղծելու շարքերուն մէջ:

Այս ծրագրին առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 10 սեպտեմբեր 2013-ին, «Երեւանեան» ժողովրդային տան սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով անդամուհիներու:

Օրուան յայտագիրը պիտի ընդգրկէր ընդհանրապէս ՔԱՐԱՕՔԷ երգեցողութիւն`  ներկաներու մասնակցութեամբ:

Երգերու պատրաստութիւնը յանձնուած էր Գէորգ Պաղտասարեանին, որ փորձառութիւն ունի այս մարզին մէջ: Ան ներկայացուց երգին բառերը պաստառին վրայ, որպէսզի ներկաները հետեւին լաւ ձեւով: Արդէն մեր անդամուհիներէն շատեր շնորհալի երգողներ էին, որով դժուարութիւն չունեցան իրագործելու յայտագիրը:

Հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգեր, որոնց միացաւ նաեւ ասմունքի բաժին: Տինա Հատտատ մեներգեց քանի մը երգեր, նոյնպէս արտասանեց Յ. Թումանեանի «Շունն ու կատուն»: Արտասանեցին Շաքէ Եագուպեան` Ա. Ծառուկեանի հայրենասիրական մէկ քերթուածը,  Արտեմ Սիմոնեան եւ Եղիսաբէթ Կիւլիսերեան` Դ. Վարուժանի «Դերենիկը»:

Հանդիպումը ունեցաւ սրտի խօսքի բաժին: Սօսէ Ճինպաշեան անդրադարձաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրենց հայութիւնը գաղտնի պահած հայերու, որոնք մօտ հարիւր տարիներէ ի վեր կ՛ապրին այդ տարածքին մէջ: Իր խօսքով մէջբերում մը կատարեց Արեւմտեան Հայաստան այցելած հայորդիի մը հանդիպումը տեղւոյն ծպտեալ հայու մը հետ, որ իբրեւ թուրք ներկայացած է, բայց գաղտնաբար արտայայտած է իր արմատներուն հայ ըլլալը:

Երգեցողութեան բաժինը շարունակուեցաւ ներկաներուն ոգեւորուած մասնակցութեամբ: Մթնոլորտը ծաղկեցաւ, ձեռնարկին յաջողութեամբ առաւել խանդավառուեցան անդամուհիները, որոնք նկատեցին, թէ կարելի է նորութիւններ բերել միութենական կեանքին մէջ, բացի ժողովական եւ ընթացիկ աշխատանքներէ:

Ներկաները հիւրասիրուեցան վարչութեան անդամուհիներուն պատրաստած հայկական ճաշերով: Վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչական ընկերուհիներուն եւ ընկերային յանձնախումբին` իրենց անսակարկ նուիրումին համար: Ան նոյն ատեն յիշեց նորոգ հանգուցեալ, վաստակաշատ ԼՕԽ-ական, նախկին վարչութիւններու մաս կազմած Մարի Քէօյլեանը` Հաճի Մարին, որուն յիշատակին վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւն խնդրեց: Ապա ան հրաւիրեց Շահանդուխտը` իր տպաւորութիւնը փոխանցելու: Շահանդուխտ ուրախութիւն յայտնեց այս ձեռնարկին համար, որ նորութիւն մըն էր ԼՕԽ-ականներու շրջանակին: Ան շեշտը դրաւ ներկայ օրերու մեր ունեցած տնտեսական թէ քաղաքական-ապահովական դժուարութիւններուն վրայ` խնդրելով ներկաներէն, որ չհաւատան պատերազմական լուրեր տարածողներուն եւ մնան խաղաղ, շարունակեն իրենց գործերը` ըստ սովորականի: Մասնաւորաբար ան շեշտը դրաւ վերամուտի վերաբերեալ իրենց զաւակներուն հարցերը կարգադրելու, իրենց նայուածքները կեդրոնացնելով միայն հայկական վարժարաններուն, ուրկէ պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, գիտութեան կողքին:

Խանդավառուած հաճելի մթնոլորտէն` ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւն:

Այս ինքնուրոյն հանդիպումը հոգեկան գոհունակութիւն տուաւ ներկաներուն, որոնք փափաքեցան յաճախակիօրէն կատարել նման ձեռնարկներ:

Share this Article
CATEGORIES