ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Ձեռնարկներու Թղթակցութիւն
1.- Դասախօսութիւն
6 օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ հրամցուեցաւ այժմ կարեւոր նկատուող, առողջութեան նպաստող նիւթ մը` «Կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը», որ ներկայացուց բժշկուհի Սիրուն Վարդապետեանը: 40-է աւելի կիներ եւ օրիորդներ, յատկապէս երիտասարդուհիներ, մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժշկուհիին լաւապէս խնամուած եւ հրամցուած դասախօսութեան, ուր կը շեշտուէր բնական սնունդով առողջութիւնը պահելու եւ օգտագործելու կենսանիւթերն ու հանքային աղերը: Շահեկան նիւթ մը` հետաքրքրական փոխանցումով, որ կազմակերպուած էր մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին կողմէ:
2.- Տարեցներու Հաւաքոյթ
Աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, երեքշաբթի, 13 օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Կրին Կարտըն» ճաշարանին մէջ, հաւաքուեցան Այնճարի տարեցները, որոնք հիւրասիրուեցան պաղպաղակով` ճաշարանի սեփականատէր Ալիս Հանտեանին կողմէ: Տարեցներու յանձնախումբին անունով Զապէլ Հաճեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները եւ առիթը տուաւ քոյր Թէոպիսթէ Պետրոսեանին, որ փոխանցէ իր սրտի խօսքը: Ապա մթնոլորտը ճոխացաւ տարեցներու մասնակցութեամբ, ասմունքով, երգով եւ պարով:
3.- Ընկերային Նախընթրիք
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 23 օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, ճաշարան «Պրատըրզ քաֆէ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ նախընթրիք մը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով ընկերուհիներ եւ համակիրներ: Հաւաքոյթը վարեց Սեւան Ս. Ադամեանը, որ իր հետաքրքրական գիտելիքներով եւ հանելուկներով, հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց:
Այս ձեռնարկը առիթ մըն էր դուրսէն գիւղ ժամանած ընկերուհիներուն հետ հանդիպման: Անոնք ուրախ ժամեր անցուցին նաեւ պարելով հայկական պարեր: