ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղի Ընկերային Հանդիպումը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան հինգշաբթի 12 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան  Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, ներկայութեամբ Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան միաբան Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեանի, մասնաճիւղի  մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն ու հիւրերու:

Ձեռնարկին բացման` ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետը բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին քաջալեր հանդիսացող բոլոր ներկաներուն, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի տարած գործունէութեան, սրբազան առաքելութեան յայտնեց նաեւ թէ, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին լիբանանահայ օգնութեան քսակը մնայուն նեցուկ է սուրիահայ ազգակիցներուն, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ եւ դժուար մարտահրաւէրներ:

Ապա ան հրաւիրեց Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեանը, որպէսզի փոխանցէ օրուան պատգամը:

Ձեռնարկը` զուգադիպելով խաչվերացի տօնին, Հայր սուրբը անդրադարձաւ խորհուրդին ըսելով, Պատմական անցեալին Քրիստոսի խաչափայտը անցած է մեր հայրենիքէն, խաչվերացը Ս. Խաչի ազատագրութեան տօնն է Քրիստոնէական կրօնին մէջ, հայ ժողովուրդը այդ խաչափայտին ազատագրութեան մէջ ունեցած է իր մեծ դերակատարութիւնը: Այս տօնը յաղթանակի տօն մըն է հայ ժողովուդին համար, եկեղեցական եւ ազգային տօները հայութեան համար ունին իրենց իւրայատուկ նշանակութիւնը, որովհետեւ հոգեւոր եւ ազգային արժէքները շաղախուած են իրարու:

Այսօր մենք ամէն ճիգ պէտք է թափենք այդ հաւատքը ամրապնդելու, որովհետեւ անիկա մեր պաշտպանն է բոլոր փորձանքներու դէմ, հարկ է տէր կանգնիլ մեր եկեղեցական արժէքներուն, հաւատքին ու մշակոյթին: Այդ հաւատքէն մղուած` լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի անդամուհիները` գիտակցելով իրենց առաքելութեան, մոռնալով անձնական հաճոյքներ ու, ընտանիք իրենց ժամանակը կը տրամադրեն ազգին, կը տագնապին ժողովուրդին հետ ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթի հայ լեզուի պահպանման:

Ապրի հայու քրիստոնէական հաւատքը, մշակոյթը եւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը»:

Օրուան խորհուրդի փոխանցումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, հալէպահայ հիւր երգիչ Վիգէն հայկական-ազգագրական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը: Ձեռնարկներու սովորութիւն դարձած վիճակահանութիւնը անխուսափելի էր, անկէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները:

Ձեռնարկը իւրայատուկ էր իր խորհուրդով եւ հաճելի ընկերային մթնոլորտով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )