Ուքրանիոյ Մէջ Մաքսային Միութիւն Մտնելու Հարցով «Համացանցային Հանրաքուէ» Կազմակերպուած Է
Lenta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ` Մաքսային Միութիւն մտնելու աջակիցները ստեղծած են կայքէջ մը, ուր այս հարցին շուրջ քուէարկութիւն տեղի կ՛ունենայ:
Նախագիծի հեղինակները կը յայտարարեն, որ Եւրոպական Միութեան եւ Մաքսային միութեան միջեւ պետութեան արտաքին քաղաքականութեան ընտրութիւնը պէտք է դրուի համազգային քուէարկութեան: Ըստ անոնց, համացանցային քուէարկութիւնը պէտք է «օգնէ համերկրացիներուն կողմնորոշուելու եւ իրենց կարծիքը յայտնելու»:
Կայքէջին վրայ նկարագրուած են Մաքսային Միութիւն մտնելու առաւելութիւնները եւ Եւրոպական Միութեան համարկման թերութիւնները:
Կայքէջին վրայ քուէարկութեան դրուած չէ պաշտօնապէս հանրաքուէ կատարելու հարցը: Այցելուներուն պարզապէս կ՛առաջարկուի Մաքսային Միութեան կողմ կամ դէմ արտայայտուիլ:
Յառաջիկային Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին ստորագրելու Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ համաձայնագիրը: