Իսրայէլի Ուղղափառ Հրեաները Մօրուքներու Համար Յատուկ Անցք Ունեցող Կազի Դիմակներ Կը Պահանջեն

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի մէջ կը գործէ ծրագիր մը, որուն ծիրին մէջ քիմիական յարձակումի պարագային բնակիչներուն կը մատակարարուին կազի դիմակներ:

Մարդիկ կրնան դիմել յատուկ կեդրոններ, ուր անոնց պաշտպանական միջոցներ կը տրամադրուին: Սուրիոյ վրայ կատարուելիք հաւանական յարձակումի մթնոլորտին մէջ կազի դիմակներու պահանջարկը կտրուկ աճ արձանագրած է եւ տագնապ յառաջացած:

Այժմ դիմակներ կը տրամադրուին միայն ծերերուն եւ այն մարդոց, որոնք շնչառական համակարգի հետ կապուած հիւանդութիւններ ունին:

Այս կապակցութեամբ ուղղափառ հրեաները իրենց նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք կը պահանջեն:

Ժամանակակից կազի դիմակները չեն համապատասխաներ մարդոց, որոնք կը կրեն աւանդական երկար մօրուքներ: Նախ եւ առաջ դժուար է դիմակ հագնիլ, եթէ մարդ մօրուք ունի: Իսկ երկրորդ կարեւոր բանը այն է, որ այն պարագային, որ դիմակը երկար ժամանակ պէտք չէ հանուի, անոնք ստիպուած պիտի ըլլան սափրելու իրենց մօրուքը:

Ամերիկեան լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Իսրայէլի Ուղղափառ-պահպանողական կուսակցութիւնը երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն պահանջած է արտադրել «Պարտաս»-ներ` սարքեր, որոնք Արաբական ծոցի մէջ Իրան-Իրաք պատերազմի ընթացքին կ՛օգտագործուէին մօրուքաւոր մարդոց կողմէ:

«Պարտաս»-ը յարմարցուած է անոնց պահանջներուն եւ կը ծածկէ ամբողջ գլուխը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )