Երեք Հայ Երիտասարդներ Եւս Առեւանգուեցան Հալէպի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը` յաջողելով հեռաձայնային կապ հաստատել Հալէպի հետ, տեղեկացուց, որ Հալէպի մէջ քանի մը օր առաջ քաղաքի միջանցքէն դէպի Շէյխ Նաճար անցնելու պահուն 3 հայ երիտասարդներ առեւանգուած են: Անոնք են` Տիգրան Պէրպէրեան, Յովսէփ Մուրատեան եւ Գէորգ Հայրապետեան:
Ըստ «Ազդակ»-ի թղթակիցին, երէկ Հալէպի Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ արձանագրուած է հրասանդի հրթիռներու տարափ մը, որ պատճառած է միայն նիւթական վնասներ:
Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի մատակարարումը եւ ելեկտրականութեան հոսանքը երկար ժամերու անջատումէ ետք վերսկսած են գործել: Հալէպահայութիւնը վերամուտի կը պատրաստուի այսօր, հայկական վարժարանները իրենց դռները պիտի բանան հայ աշակերտները ընդունելու:
CATEGORIES Գաղութային