11 Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Հայաստան Նուաճեց Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութեան Ոսկիէ Մետալ

Պուտափեշթ-2013.
Դաւիթ Սաֆարեան` Ըմբշամարտի
Աշխարհի Ախոյեան

 

 

 

 

 

 

 

Եւրոպայի գործող ախոյեան, ազատ ըմբիշ, 66 քկ կշիռքի դասակարգին մէջ Դաւիթ Սաֆարեան Պուտափեշթի մէջ ընթացող աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին 2 – 2 առաւելութեան հասաւ քուպացի ըմբիշ, աշխարհի եւ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիրին նկատմամբ եւ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:

Նշենք, որ Սաֆարեան մինչեւ աւարտական յաղթահարեց ռումանացի, լեհ, ռուս եւ վրացի ըմբիշներու արգելքը: Յատկապէս բարդ ճակատումներ ընթացան ռուս եւ վրացի ըմբիշներուն հետ:

Այսպիսով, 11 տարուան ընդմիջումէ ետք Հայաստան վերջապէս նուաճեց ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ոսկիէ մետալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )