Մինչ Ուաշինկթըն, Փարիզ Եւ Լոնտոն Դամասկոսը Կը Զգուշացնեն. Լաւրով. «Սուրիոյ Սպառնացող Ապահովութեան Խորհուրդի Որեւէ Որոշում Կրնայ Ուաշինկթընի Հետ Համաձայնութիւնը Ձախողութեան Մատնել»

Հէյկ, Ֆապիւս եւ Քերրի

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Փարիզի մէջ իր ամերիկացի եւ բրիտանացի պաշտօնակիցներ Ճոն Քերրիի եւ Ալեքսանտր Հէյկի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Սուրիա «վտանգաւոր հետեւանքներ» պիտի դիմակայէ, եթէ չգործադրէ քիմիական զէնքին շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուելիք որոշումը: Ան շեշտեց, որ «բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են` պատժելու համար Ասատը, եթէ իր յանձնառութիւնները չկատարէ»: «Մենք վճռակամ ենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ յառաջիկայ օրերուն ուժեղ որոշում մը ձեռք բերելու համար», ընդգծեց Ֆապիւս:

Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պէտը յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ծիրին մէջ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին եւ միջազգային լայն մասնակցութեամբ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:

Ան ըսաւ, որ «Դամասկոս Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման աշխատանքին մէջ չի գործակցիր»` աւելցնելով, որ «Ասատ պէտք է հասկնայ, որ լուծման բանակցութիւններէն բացի այլ ուղի գոյութիւն չունի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի շեշտեց, որ «կարելի չէ սուրիական վարչակարգի բերանացի խոստումները ընդունիլ»` աւելցնելով, որ «Դամասկոսի վրայ գործադրուած ճնշումները Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը մղեցին իր կեցուածքը փոխելու»:

Ան ըսաւ, որ իրենք Սուրիոյ քիմիական զէնքերը վերահսկողութեան տակ առնելու ռուսական նախաձեռնութեան գործադրութեան կը ջանան եւ կը պնդեն, որ զէնքերու յանձնումը քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան ճամբով ըլլայ` ընդգծելով, որ «7-րդ յօդուածի տրամադրութեանց տակ պատժամիջոցներ պիտի հաստատենք, եթէ Ասատ այդ համաձայնութեան յանձնառու չմնայ»:

«Ռուսական նախաձեռնութեան ձախողութեան պարագային, սուրիական կառավարութեան դէմ զինուորական ընտրանքը տակաւին սեղանի վրայ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ռուսիա համաձայն գտնուած է 7-րդ յօդուածին կիրարկման, եթէ համաձայնութիւնը չյարգուի եւ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնք օգտագործուի, «ուստի 7-րդ յօդուածը ինքնեկ կերպով կը գործադրուի, եթէ համաձայնութիւնը չյարգուի»:

Քերրի ըսաւ, որ «Ասատ իր օրինականութիւնը ամբողջովին կորսնցուցած է, եւ պէտք է փոխանցման կառավարութիւն մը կազմել»` աւելցնելով, որ «Ժընեւի համաձայնութիւնը պիտի պաշտպանէ փոքրամասնութիւնները եւ նոր վարչակարգ մը հաստատէ»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ գովաբանեց Քերրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի տարած աշխատանքը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու կատարած լուրջ սպառնալիքը այս հանդիպումին առաջնորդեց, եւ պէտք է որդեգրել միջազգային որոշում մը, որ սուրիական վարչակարգին քիմիական զէնքերը ճշդուած ժամանակամիջոցի մը ընթացքին յանձնելու պարտաւոր կը դարձնէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահը եւս հաշուետուութեան կանչելու ժամանակ մը պէտք է ճշդուի:

Զողպի. «Սուրիա Ամբողջովին Կ՛ընդունի
Քիմիական Զէնքի Ոչնչացման Ծրագիրը»

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի հաւաստեց Սուրիոյ կողմէ քիմիական զինաթափման` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ համաձայնեցուած ծրագիրը իրագործելու պատրաստակամութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հաստատուելէն ետք:

Ըստ անոր, Սուրիան «ամբողջովին կ՛ընդունի քիմիական զէնքի ոչնչացման ռուսական ծրագիրը»:

Նախարարը աւելցուց, որ Դամասկոս առանց սահմանափակումներու պիտի կատարէ ՄԱԿ-ի հաւանութեան արժանացած առաջադրանքները եւ արդէն սկսած է պատրաստել համապատասխան փաստաթուղթերը:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու վնասազերծման որեւէ քայլի:

Լաւրով. «Մոսկուա Եւ Ուաշինկթըն ՄԱԿի Մէջ
Պիտի Պատրաստեն Սուրիոյ Քիմիական
Զէնքերուն Վերաբերեալ Բանաձեւ Մը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ժընեւի փաստաթուղթը կը նշէ, որ Ապահովութեան խորհուրդը ռուս- ամերիկեան նախաձեռնութիւնը պիտի որդեգրէ` յայտնելով, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն ՄԱԿ-ի մէջ պիտի պատրաստեն Սուրիոյ քիմիական զէնքերու գտնուած վայրերը ճշդելու բանաձեւ մը: Լաւրով զգուշացուց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ որեւէ բանաձեւ, որ Սուրիոյ դէմ սպառնալիքներ կը բովանդակէ, կրնայ ձախողութեան մատնել Ժընեւի մէջ սուրիական քիմիական զէնքերուն շուրջ Ուաշինկթընի հետ գոյացած համաձայնութիւնը: Ան յայտնեց, որ «ես վստահ եմ, որ հակառակ կարգ մը եւրոպական մայրաքաղաքներէն հնչող յայտարարութեանց, ամերիկեան կողմը յանձնառու պիտի մնայ գոյացած համաձայնութեան ճշգրիտ գործադրութեան»:

Ան ողջունեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարումը եւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի բոլոր ղեկավարներուն կոչ ուղղեց քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար երկխօսութեան մասնակցելու` շեշտելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը բանակցութեան նստիլ համոզելու եւ ստիպելու ժամանակը հասած է:

Լաւրով պատրաստակամութիւն յայտնեց Մոսկուայի մէջ սուրիական ընդդիմութեան բոլոր հատուածներուն հետ հանդիպելով ամէն բան քննարկելու` նշելով, որ «ոմանք չհասկցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ մեր ձեռք բերածը, իսկ 7-րդ յօդուածը հիմա սեղանի վրայ չէ»:

Ռուհանի. «Իրան Սուրիացի Ժողովուրդին Կողմէ
Ընտրուած Ոեւէ Ղեկավար Պիտի Ընդունի»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտեց, որ «շրջանի պետութիւններն ու ժողովուրդները սուրիական տագնապին նկատմամբ ձեռնածալ չեն մնացած ու պիտի չմնան»:

Ան նշեց, որ «սուրիացի քաղաքացիները ով որ իրենց երկրին ղեկավար ընտրեն, անոր համաձայն պիտի ըլլանք»:

Սուրիա կը ծրագրէ 2014-ին նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Մոհամետ Ռիտա Ժաաֆարի յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան ուղղուածութիւնը մինչեւ հիմա ձախողեցաւ»: Ան յոյս յայտնեց, որ թշնամիներուն դաւերն ու ծրագիրները ապագային ձախողութեան կը մատնուին:

ՄԱԿ-ի Հետաքննիչները Քիմիական Զէնքի
Օգտագործման Ենթադրեալ 14 Պարագաներու Շուրջ
Հետաքննութիւն Կը Կատարեն

Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցով ՄԱԿ-ի յանձնախումբը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով ենթադրեալ յարձակումներու շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:

Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, հետաքննիչներու զեկուցումը կը հաստատէ, որ Ղութայի մէջ «Սարին» կազը օգտագործուած է:

ՄԱԿ-ի հետաքննիչները երէկ յայտարարեցին, որ «Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան ծայրայեղական խմբաւորումները երկրին հիւսիսը սպանութեան ոճիրներուն թափ տուած են»` նշելով, որ «գոյութիւն ունին սահմանը կտրելով Սուրիա մուտք գործած զինեալներէ կազմուած ջոկատներ, որոնք ոճիրներ գործեցին»:

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է ազրպէյճանցի զինեալներու ղեկավար «Ապու Եահիան»:

Ապու Եահիա Ազերի ղեկավարած է Ազրպէյճանէն Սուրիա մեկնած զինեալները, որոնք կը կռուէին «Անսարի բանակ» խմբաւորման շարքերուն մէջ` ընդդէմ սուրիական վարչակարգին:

Ան սպաննուած է Համա քաղաքին մօտ` օդանաւային հարուածի հետեւանքով եւ նոյն օրը թաղուած է «Ապու Մուսլիմ» գերեզմանատան մէջ:

Ամերիկեան «Տապլեու.Էն.Տի.» կայքէջը հրապարակեց «Սի.Այ.Էյ.»-ի պատկանող գաղտնի զեկուցում մը, ըստ որուն, Քայիտայի առնչուած զինեալներ «Սարին» կազ ձեռք ձգած ու պատրաստած են` քիմիական յարձակումներ գործելու համար:

Փաստաթուղթը կը յիշեցնէ, որ մայիսին Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի անդամներէն «Սարին» կազի ռումբեր գրաւուած էին` աւելցնելով, որ իրաքեան ցեղախմբային աղբիւրներու հիմամբ, ամերիկեան հետաքննութիւնը գտած է 50 հասարակաց ցուցանիշեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ Քայիտա Իրաքի մէջ «Սարին» կազ կը պատրաստէ` Սուրիոյ մէջ զինեալներուն ուղարկելու համար:

Նշենք, որ Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման միջազգային գործակալութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու վնասազերծումը պիտի սկսի քանի մը օրէն:

Մինչ այդ, Թուրքիա երէկ յայտարարեց, որ վար առած է սուրիական ուղղաթիռ մը, որ թրքական օդային տարածք մուտք գործած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «ՄԱԿ¬ն ու ՕԹԱՆ¬ը տեղեակ պիտի պահենք սուրիական վարչակարգին պատկանող ուղղաթիռին վար առնուելուն պայմաններէն»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )