Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի մեկնի Վատիկան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ`  քննարկելու համար միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, Սուրիոյ զարգացումները եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն վերաբերող հարցեր:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն աշխատանքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը ոչ ոքի արտօնութեան կը կարօտի: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ ճակատը միշտ բարձր պիտի մնայ` աւելցնելով, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին անոր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանը կարելի չէ առանց կառավարութեան պահել: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի դիմագրաւած ապահովական մարտահրաւէրները Սուրիոյ մէջ անոր ունեցած արկածախնդրութիւններուն հակազդեցութիւններն են:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ անձնական ապահովութեան դրութիւնը խիստ մերժելի է` աւելցնելով, որ անիկա կը նշանակէ Լիբանանը բաժնել եւ պետութեան կարողութիւնը հարուածել:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը յանգելու` հեռու մնալով արտաքին որեւէ միջամտութենէ, եւ կառչած մնալու դիմադրութեան ծրագիրին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները վարժ են խզելու բոլոր համաձայնագիրները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ արեւմտեան որոշ երկիրներու կողմէ Սուրիոյ նկատմամբ արտայայտուած կեցուածքները զիրենք յուսալքած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա ըսաւ. «Ո՛վ որ կը հաստատէ, որ «Արաբական գարուն»-ը չէ յաջողած, չարաչար կը սխալի»:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա պատրաստ է գործակցելու` Սուրիոյ պատերազմը խաղաղ կերպով լուծելու նպատակով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ձախողեցնելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի` առանց յաւելեալ ձգձգումի կազմելու կառավարութիւն մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը երբեք չի հակադրուիր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան նախաձեռնութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ազգային երկխօսութեան նիստի կը կարօտի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը կը մնայ Հըզպալլայի զէնքը:

Share this Article
CATEGORIES