Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Երեսփոխանական Պլոքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սինիորայի

Սինիորայի հետ հանդիպումէն պահ մը

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Միշել Մուսա եւ Եասին Ժապեր, այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Սամիր Ժսըր, Նուհատ Մաշնուք, Աթեֆ Մաժտալանի, Ամին Ուեհպէ եւ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ:

Հանդիպումէն ետք Ժապեր անոր մթնոլորտը նկատեց լաւ:

Իր կարգին, Ժսըր նշեց, որ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին տիրած է անկեղծութեան եւ պատասխանատուութեան մթնոլորտ մը, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է խորհրդակցութիւնները շարունակելու եւ երկխօսութիւն կատարելու:

Նշենք, որ յետմիջօրէին նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, որ նախաձեռնութեան զօրակցութիւն յայտնեց, առանց վերապահութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )