«Ամերիկեան, Հաւատադրժողական Եւ Իսրայէլեան Եռեակ Տարազը Պիտի Ձախողի» Շեշտեց Ալի

Սուրիոյ դէմ ամերիկեան բռնարարքները մերժող արաբական-միջազգային խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ յայտնեց, որ 30 ամիսներէ ի վեր իր դէմ վայրագ յարձակումներու եւ բռնարարքներու դիմադրող Սուրիան ոչ միայն ամէնէն քանդիչ զէնքերուն թիրախ դարձաւ, այլեւ` ամէնէն քանդիչ լրատուութեան եւ ճշմարտութեան նենգափոխումին:

«Մենք դիմադրեցինք եւ կը շարունակենք դիմադրել շրջանը բաժնել փափաքող ծրագիրին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ լաւ գիտեն, թէ Սուրիան եւ Դիմադրութիւնը մինչեւ վերջ պիտի պայքարին:

Ալի շեշտեց, որ ամերիկեան, հաւատադրժողական եւ իսրայէլեան եռեակ տարազը պիտի ձախողի եւ Սուրիա յաղթական դուրս պիտի գայ:

Ալի բարձր գնահատեց Սուրիոյ բարեկամներուն զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ Սուրիա տակաւին հզօր է իր ժողովուրդով եւ բանակով. ան նաեւ ընդգծեց, որ պէտք է ճիշդ մեկնաբանել այն կողմնացոյցը, զոր Սուրիա անցեալին չկորսնցուց եւ ոչ ալ զայն պիտի կորսնցնէ այսօր կամ ապագային:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )