Ռապիէի Մէջ. «Թիւ 1701 Բանաձեւին Եւ «Պաապտայի Յայտարարութեան» Գործադրութիւնը Կը Կազմեն Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Հիմքը» Շեշտեց Տէյվիտ Հէյլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան արարողակարգային հարցերու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք համաձայն գտնուած են ազգային երկխօսութիւն կատարելու շուրջ:

Հէյլ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ծանօթանալ եւ ըմբռնել անոնց հեռանկարները:

«Ես Լիբանանի մէջ կը գտնուիմ լսելու համար բոլորին տեսակէտը: Այս հանդիպումին ընթացքին զօր. Աունի հետ համաձայնեցանք պահպանել երկրին սահմանադրութիւնը, հաստատութիւններն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծեցինք Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ մենք կը նկատենք, որ Լիբանան իր դէմ ծառացած դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար կարիքը ունի «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը գործադրելու», ըսաւ Հէյլ:

Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ Լիբանանի բազմազանութիւնը եւ կը զօրակցի բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն պահել այդ բազմազանութիւնը:

Հէյլ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ գործուած անարգ ու քստմնելի ոճիրները եւ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուած բռնարարքները, յատկապէս վերջերս քրիստոնեաներուն դէմ գործուած արարքները:

Հէյլ կարեւոր նկատեց նաեւ Լիբանանի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )