Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Սամի Ժեմայէլը, Իսկ Զահլէի Երեսփոխանական Պլոքը Կը Բողոքէ Հըզպալլայի Հաղորդակցութեան Ցանցին Դէմ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց համար երեսփոխանական ընտրութեան յատուկ օրէնքի մը մշակումը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ այդ օրէնքին հիման վրայ կարելի է ընտրութիւններ կատարել եւ կառավարութիւն կազմել, ինչպէս նաեւ երկրին հաստատութիւնները հունի մէջ դնել:

«Լիբանանցիներուն միջեւ գոյացած է նաեւ համաձայնութիւն մը, որ կը կոչուի «Պաապտայի յայտարարութիւն», որ երկրին տագնապին լուծման բանալին է», շեշտեց Ժեմայէլ:

Միւս կողմէ, Զահլէի երեսփոխանական պլոքը երէկ յետմիջօրէին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստիւ մերժեց Հըզպալլայի կողմէ հեռաձայնային սովորական հաղորդակցութեան յատուկ ցանցերու զետեղումը Զահլէի մէջ:

Զահլէի երեսփոխանական պլոքին անդամ երեսփոխանները յայտնեցին, որ Զահլէի մէջ Հըզպալլայի հաղորդակցութեան յատուկ ցանցերու զետեղումը կը նկատեն քաղաքացիներու սեփականութեան խանգարում, ինչպէս նաեւ ապօրինութիւն:

Երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ եթէ նման ցանցեր ստեղծելու համար քապլեր զետեղողներ պիտի ըլլան, ապա պիտի ըլլան նաեւ այդ քապլերը տեղափոխող քաղաքացիներ:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Զահլէի բնակիչներէն ոմանք ուղղուած էին փողոց եւ արգիլած Հըզպալլայի անդամներուն կողմէ ցանցին յատուկ քապլերուն զետեղումը:

Իրենց կարգին, Հըզպալլայի անդամները հաստատեցին, որ այդ քապլերը Քարաք փողոցին մէջ զետեղուած են հինգ տարի առաջ եւ իրենք պարզապէս նորոգութիւններ կը կատարէին:

 

Share this Article
CATEGORIES