Սալամ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Նախագահին Եւ Վարչապետին Պարտականութիւնն Է»
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շեշտեց, որ ինք կը յարգէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինը չէ, որովհետեւ ան մնայուն կերպով երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ: «Միւս կողմէ, սակայն, կառավարութեան կազմութիւնը վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնն է», շեշտեց Սալամ:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան սահմանադրական ելքերուն մասին վարչապետ Սալամ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կը շարունակէ:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկրին վերաբերող հարցերը:
Փաուլի հաստատեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանի եւ կը ցաւակցի անոր` վերջերս Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած աղէտներուն համար:
Փաուլի զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան հաստատութիւններուն եւ անոնց հեզասահ աշխատանքին:
Փաուլի շեշտեց համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը եւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմադրելու կարեւորութիւնը, յատկապէս գաղթականներուն առումով:
Փաուլի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը կը վերաբերի նաեւ լիբանանեան բանակին եւ հանրապետութեան նախագահի անձին` նկատի ունենալով, որ ան լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշն է:


