Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ապահովական Եւ Տնտեսական Հարցերը

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, յատկապէս քաղաքապետարաններու մակարդակին վրայ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս. քննարկուեցան քաղաքական եւ կառավարական ներկայ հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յատուկ խնդիրները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատերը, որուն հետ քննարկեց այդ խորհուրդին աշխատանքներն ու զանոնք վաւերացնելու կարելիութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ սահմաններուն վրայ որդեգրուած միջոցառումները` հակակշիռի տակ պահելու համար կացութիւնը` սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան ժամանումին լոյսին տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )