Սապունճեան Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Սապունճեան եւ Հէյլ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, տնտեսական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Հէյլ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր են նախընտրութեան ընդհանուր համակարգի համաձայնագիրին վերանորոգման, որուն շնորհիւ լիբանանեան արտադրութիւնները ամերիկեան շուկայ մուտք կը գործեն առանց տուրքերու:

Հէյլ շեշտեց, որ այս համաձայնագիրին վերանորոգումը Քոնկրեսին որոշումով կը կատարուի` նշելով, որ այդ որոշումը ի զօրու է երկու տարուան համար, իսկ Լիբանանի պարագային համաձայնագիրը անցեալ յունիսին աւարտած է:

«Քոնկրեսը պիտի նորոգէ այդ համաձայնագիրը», հաստատեց Հէյլ:

Վ. Սապունճեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան վարչակազմին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած յանձնառութեան համար եւ դիտել տուաւ, որ առնուած այդ քայլը քաջալերական է լիբանանցի առեւտրականին եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն համար: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի աւելի եւս զարգացնել Միացեալ Նահանգներուն հետ իր առեւտրական յարաբերութիւնները, պայմանաւ որ չափանիշներն ու յատկանիշները պահպանուին:

Վ. Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի` Լիբանանի նկատմամբ անոր զօրակցական բոլոր ծրագիրներուն համար, յատկապէս «Եու. Էս. Էյտ» ամերիկեան բարգաւաճման գործակալութեան ընդմէջէն Լիբանանին յատկացուած օժանդակութեան առիթով: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի գործատէրերուն` մասնակցելու ամերիկեան ցուցահանդէսներուն ու ծանօթանալու արհեստագիտութեան եւ նոր ճարտարարուեստներու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )