Միքաթի Կարճ Ժամանակով Կը Յետաձգէ Իր Նախաձեռնութեան Յայտարարութիւնը

Միքաթի` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ դրական կեցուածքին կառչած մնալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել նոր կառավարութիւն մը:

Միքաթի յայտնեց, որ ներկայիս տիրող կացութիւնը նոյնպէս պահելը ապագային կրնայ բարդութիւններ ստեղծել տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական առումով:

«Ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը, հակառակ իր կատարած աշխատանքին, չի կրնար վարուիլ իբրեւ իսկական կառավարութիւն` օգտագործելով սահմանադրական իր բոլոր իրաւասութիւնները: Իսկ պետութեան աշխատանքին բնական ընթացք տալը անկարելի կ՛ըլլայ, որովհետեւ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը որոշ ժամանակի մը համար կը գործէ միայն», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է եւ հիմնական` տարակարծութիւնները լուծելու, մտքերու փոխանակում եւ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել տեղական եւ միջազգային սպառնալիքներու հանգրուանը` իր բոլոր բարդութիւններով եւ վտանգներով:

Միքաթի հաստատեց, որ ինք մտադրած էր այս շաբթուան ընթացքին առաջադրել իր նախաձեռնութիւնը, որ արդէն իսկ պատրաստ է, «սակայն որոշեցի կարճ ժամանակով յետաձգել նախաձեռնութեանս յայտարարութիւնը`  սպասելով արդէն իսկ առաջադրուած նախաձեռնութիւններուն արդիւնքներուն եւ յաւելեալ բարդութիւններ չպատճառելու լիբանանեան քաղաքական կեանքին», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, Միքաթի ստորագրեց յատուկ շրջաբերական մը, որուն համաձայն, ան արտօնեց պետական գանձարկղէն 1210 միլիառ լ. ոսկի առ հաշիւ յատկացնել ելեւմուտքի նախարարութեան, որպէսզի վերջինս  կարենայ կատարել տարբեր տնօրէնութիւններուն պաշտօնէութեան 2013 աշխատավարձին վճարումը, ինչպէս նաեւ  հանգստեան կոչուելու գումարները ամբողջացնելու իր պարտաւորութիւնները:

Նշենք, որ վարչապետարանին մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Աննա Մարիա Լորինիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անոր կողմէ լիբանանեան պետութեան ներկայացուած առաջարկը` սուրիացի գաղթականներուն հարցով Լիբանանին օժանդակելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES